50 Տարի Առաջ (23 Ապրիլ 1963)
Պիտի Չմոռնանք
Պիտի չմոռնանք այս թուականը` ապրիլ 24: Երբ տարի մը եւս բարդուի մեր կեանքին վրայ, աւելի սաստկութեամբ պիտի յիշենք զայն: Ներքին մրրկաշունչ ամբուռքէ արծարծուած կրակի պէս անիկա պիտի վառէ մեր հոգիները, պիտի բորբոքէ մեր մտածումները: Նոր հաւատք մը պիտի ստեղծենք: Նոր աստուծոյ մը անխորտակելի կուռքը պիտի բարձրացնենք երազուած հայրենիքի պատուանդանին վրայ: Պիտի մոռնանք բոլոր աղօթքները, զորս մեր մանկութեան շրթներով մրմնջեցինք:
Կեանքը պիտի սիրենք անէծքի մը անթափանցելի խորհուրդով: Պիտի արբենանք միայն թունալից բաժակներէ, որոնց սուր բիւրեղները մեր շրթները պիտի արիւնեն: Հսկայավառ խարոյկ մը պիտի կազմենք մեր կարդացած բոլոր գիրքերով, եւ միայն բաց պիտի պահենք մեր բոցավառ աչքերուն առջեւ քարեղէն մատեան մը, հոն կարդալու համար նոր աղօթքը մեր նորաստեղծ հաւատքին:
Պիտի չմոռնանք արիւնի հեղեղը, զոր մեր ցեղին կողերէն ժայթքեցուցին Արեւելքի անծայրածիր ճամբաներէն սկսեալ մինչեւ անապատներու աւազները:
Ոճիրը իր քստմնելի տեսիլքներով պիտի յաճախէ մեր անդոհական գիշերները, եւ անդունդներու սարսափելի խաւարը պիտի չկարենայ պատանքել մեր բիւրաւոր նահատակներուն բզկտուած մարմինները:
Ո՛չ զարթում պիտի ունենանք եւ ո՛չ ալ նինջ: Կեանքի եւ մահուան կամարին վրայ բեւեռուած` մեր անվախճան խաչելութիւնը պիտի ապրինք` սպասելով յարութեան:
Ո՛չ մէկ ճառագայթ պիտի հասնի մեր աչքերուն երդումով մեզի խոստացուած արեւներէն, առանց որ յաջորդած ըլլան իրարու անէծքով ծանրացած անասելի գիշերներ:
Պիտի յիշենք, որ սէրը ծաղկած էր մեր սիրտերուն մէջ անմահաբոյր շուշանի մը հրեղէն անբծութեամբ:
Պիտի յիշենք, որ հայրենի աղբիւրներուն կարկաչը տիեզերքի բազմալար տաւիղին վրայ կը հնչէր սօսիներու գաղտնամրմունջ սօսափին հետ:
Պիտի յիշենք, որ ամէնէն ոսկեշող մանկութիւնը կը վառէր իր բացարձակ ուրախութեան կրակը հայոց աշխարհի վարդենիքին մէջ:
Եւ ահա՛ Եղեռնը բարձրաղաղակ հրաւէր կարդաց ոճիրի ժանտաժուտ ոգիներուն:
Սէրը խամրեցաւ խորշակներու շունչին մէջ: Մանկութիւնը խողխողեցին եւ մեր մայրերուն եւ կոյսերուն ծոցը պատռեցին: Մեր հայրերուն եւ եղբայրներուն աչքերը փորեցին, որպէսզի մահուան խաւարէն առաջ կեանքը երկարէր մթութեան ամէնէն չարչարալից խարխափումով:
Փշրեցին լոյսի բիւրեղէն սափորները, որոնք հրածնունդ գանկերն էին մեր արեւագեղ քերթողներուն:
Համատարած գերեզմանոցի մը վերածուեցաւ մեր երկիրը: Բայց միայն անթաղ մեռելներ կային հոն եւ երկինքը մթագնած էր գիշատիչ թռչուններով:
Բզկտեցին բոլոր ծիրանիները մեր Յոյսին:
Շրջեցին բոլոր ջահերը մեր Երազին:
Օգնութեան անյոյս կանչերը խեղդուեցան անոնց ահաւոր ծիծաղին մէջ:
Բայց մեզմէ ոմանք, մինչեւ իսկ անոնք, որ խաչերէն վար առնուած էին արիւնաքամ, կը հաւատային դեռ, որ հորիզոնին խաւարէն պիտի յայտնուէր փրկութեան աւետաբեր նշոյլ մը:
Քալեցին հազար անգամ իյնալով: Անոնք արիւնոտ ոտքերով քալեցին դէպի կեանքը, որուն խորհուրդը կը զգային տարտամօրէն իրենց հոգիին մէջ, իրենց երակներուն ու ոսկորներուն մէջ:
Եւ օր մըն ալ, մոխրացող վերջալոյսի մահաբոյր կրակին մէջ, անոնք տեսան խորտակուած հսկայաթեւ խաչ մը, որուն քով նստած հայ մայր մը իր քամուած ստինքներուն վերջին կաթիլներով նորածին մանուկ մը կը դիեցնէր:
Պիտի չմոռնանք այս թուականը` ապրիլ 24. մեր ցեղին մահուան եւ յարութեան պատմութիւնը:
Գերեզման պիտի իջնենք բաց աչքերով եւ հոն ակնկառոյց պիտի մնանք, որքան ատեն որ մեզի յաջորդող սերունդը կը մոռնայ մեր ապրած ողբերգութիւնը:
ԱՐՍԷՆ ԵՐԿԱԹ

