Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի Վախճանման 50-րդ Տարելիցին Եւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Վախճանման 30-րդ Տարելիցին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյին Արտասանուած Խօսքեր. Յակոբ Բագրատունիին Խօսքը

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ պատմական Աթոռի երկու հսկաներու մահուան ամեակներու զուգադիպութիւնը կրնայ պատահական ըլլալ: Բայց երկու ուխտակից եղբայրներու հաստատած ու ապրուած մէկութիւնը` երբե՛ք: Կարելի չէ խօսիլ Զարեհ վեհափառին մասին` առանց յիշելու Խորէն վեհափառը, եւ վստահաբար կարելի չէ անդրադառնալ Խորէն վեհափառին` առանց յիշելու Զարեհ վեհափառը: Անքակտելի կապով իրարու միացած, զիրար ամբողջացնող, զիրար լրացնող եւ միասնաբար Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ինքնուրոյնութիւնը, անկախութիւնը, պատմական առաքելութիւնն ու դերակատարութիւնը պաշտպանող, ամրացնող եւ տարածող երկու մեծ պահակներ, որոնք եղան արժանաւոր ազգընտիր ժառանգորդները Շնորհալիներու եւ Լամբրոնացիներու:

Խորէն վեհափառի կեանքն ու դերը արժեւորելու եւ պատմական իր պարունակին մէջ զետեղելու գործը վստահաբար շատ վեր է իմ համեստ կարողութիւններէս:

Բախտը ունեցած եմ, դեռ երեխայ, ճանչնալու վեհափառը իբրեւ ընտանիքի բարեկամ, ապա ուսանող, դպրոցի տնօրէն եւ որոշ չափով ազգային կեանքին մէջ նախնական եւ վտիտ քայլեր նետելու սկսած անձ:

Յիշողութեանս մէջ, առաջին տպաւորութիւնս կու գայ Ս. Նշան վարժարանի մանկապարտէզի եւ նախակրթարանի առաջին տարիներէն, երբ Ազգ. առաջնորդարանն ու Ս. Նշան վարժարանի շէնքը կը գտնուէին նոյն շրջափակին մէջ: Զբօսանքի պահերուն շատ յաճախ կը տեսնէինք յաղթահասակ Խորէն սրբազանը, թէ  առաջնորդարանի պատշգամէն ինչպէս կը դիտէր մեզ: Անզգալաբար կը շարուէինք պատշգամին տակ, ուր սրբազանը իր իւրայատուկ քաշողական ժպիտով, ուրախութիւն կը բաշխէր մեզի: Ու կը պատահէր, որ այդ օրերու մեր տնօրէնին` Յակոբ Իսկենտերեանին հետ կը ճեմէր բակին մէջ, իսկ մենք հետաքրքիր հայեացքներով կը հետեւէինք իրեն. «Երեխաներ, ինծի եկէք» ըսողի մեծութիւնն էր, որ փոքրերուն մէջ կը գտնէր թերեւս իր հանգիստը: Ինչ մեծ ուրախութիւն էր մեզի, երբ իր աջով մանկապարտէզի վկայականը կը ստանայինք, երբ  «ապրի՛ս» բառին հետ մեզի կը փոխանցէր լաւ ու հայ ապրելու քաջութիւնը:

Միաժամանակ դպիր էի Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ: Ամէն կիրակի հոն էր սրբազանը` բազմած իր գահին, յաւելեալ փայլք կու տար անոր եւ ազնուութիւն արարողութեանց: Ուրախութեամբ կ՛առնէինք իր աջը, կը համբուրէինք, եւ անշուշտ իրեն յատուկ անուշահոտի բուրմունքը չէր հեռանար մեր ռունգերէն:

Այսօրուան պէս կը յիշեմ` ինչպէ՛ս կը պատրաստուէինք ընդունելու Զարեհ վեհափառը 17 փետրուար 1963-ին, օծումը կատարելու վերանորոգուած Ս. Նշան մայր եկեղեցւոյ սուրբ խորանին:

Ամէն ինչ մանրակրկիտ կերպով պատրաստուած էր: Բարի գալուստի կամարներ բարձրացած էին, արմաւենիի ճիւղեր կը զարդարէին եկեղեցւոյ մուտքը: Ուրախ էինք փոքրերս, որ կապոյտ գոյնով նոր շապիկներ պիտի հագուէինք: Տան մէջ շշուկ մը կար, որ վեհափառը հիւանդ է, բայց օծումը պիտի կատարուի:

Ու երբ կիրակի օր Խորէն սրբազան բարձրացաւ Ս. խորան օծումը կատարելու, եւ հնչեց «Տէր ողորմեա»-ն, հազարաւոր ժողովուրդը իր շունչը բռնած լսեց «Տէր ողորմեա, Տէր ողորմեա, տուր աշխարհիս խաղաղութիւն, ազգիս հայոց սէր, միութիւն, վեհափառին առողջութիւն»: Աղօթք չէր այս, պաղատանք էր եւ բողոք ու համատարած հեկեկանք: Լացինք բոլորս, ու լացաւ վաղուան կաթողիկոսը, երեխայի պէս, Ս. խորանէն: Ու ես չեմ գիտեր, թէ ինչո՛ւ խորանին վրայ իբրեւ մոմակիր, զարմացայ, թէ ինչպէ՛ս Խորէն սրբազանը կու լայ: Մեծերը կու լա՞ն, այդ ալ ինչպէ՛ս:

Ընտանիքով վայելեցինք Խորէն վեհափառին բարեկամութիւնը: Պարզ, խոնարհ, սակաւապէտ, քիչով գոհացող, բայց շատը տուող, բծախնդիր ու կոկիկ, երեխային հետ երեխայ ու մեծին հետ մեծ, իւրաքանչիւրին առօրեայով հետաքրքրուող եւ իւրաքանչիւրին ցաւին բալասանը գտնող անձն էր ան: Յանկարծ կը հնչէր հեռաձայնը, կամ կու գար իր շարժավար Հայրապետը` ըսելու, թէ վեհափառը պիտի այցելէ շատ պարզ տնական ընթրիք մը առնելու: Ձեռքին պահուած նուէր մը ունէր անպայման, գրիչ մը, գիրք մը (լաւ կը յիշեմ դեռ Գէորգ Ինճեանի մանկական գիրքերու շարքը, զոր դեռ պահած եմ), շոքոլայի տուփ մը: Եւ ընթրիքը` ձաւարէ փիլաւ, սմբուկով ճաշ կամ կոլոկաս:

Պիքֆայայի մեր տան մէջ հաւաքուած էինք դարձեալ: Ներկայ էին Խորէն վեհափառը, Եղիշէ պատրիարքը, Հայրիկ եւ Տաճատ սրբազանները: Եւ յանկարծ վեհափառը Եղիշէ պատրիարքին ուղղելով իր խօսքը` ըսաւ. «Սրբազան պատմէ, թէ ինչպէ՛ս անհետացաւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի աջը»: Եւ պատրիարք հայրը պատմեց բծախնդիր մանրամասնութեամբ, խօսքը աւարտելով` «պահեցի եւ վերադարձուցի տիրոջ»: Ու դարձեալ յուզումը տիրեց: Մէկ շաբաթ ետք գաղութի ազգայիններէն Յակոբ Համամճեան աջերու վերադարձի ժապաւէնը ցուցադրեց մեր տան մէջ: Բազմահազար ժողովուրդ օդակայանին մէջ ու Խորէն սրբազանը օդանաւի աստիճաններուն վրայ յաղթական կերպով կը բարձրացնէր Սրբազան Աջը, ու զայն կը վերադարձնէր իր իրաւատիրոջ` Անթիլիաս:

Տարիներու թաւալքին հետ աւելիով ճանչցայ վեհափառը: Ու ինծի կը թուէր, որ ան թագաւորն է Լիբանանի հայութեան: Անհամբեր կը սպասէի մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը Ամերիկեան համալսարանի Չեփըլին մէջ, ուր կարծէք սովորութիւն դարձած էր, որ ինք Լիբանանի հայութեան նուէր ունի տալիք այդ օրը: Հոն, տարբեր առիթներու, լսեցինք Սուրէն Խանամիրեան ազգ. քոլեճի, Ֆանարի ժողովրդային բնակարաններու եւ Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճի շինարարութեանց համար կատարուած նուիրատուութիւնները:

Բացառիկ կարողութիւն ունէր նպատակաուղղուած նուիրատուութիւններ ապահովելու: Իր անուան կապուած են եկեղեցաշինութեան, դպրոցաշինութեան, մշակութային թէ հրատարակչական ֆոնտերու, կրթական ֆոնտի, կաթողիկոսարանի եւ դպրեվանքի շէնքերու կառուցման, Ազգ. առաջնորդարանի, ծերանոցի, ժողովրդային բնակարաններու շինութեան ու Ապրիլեան յուշարձանի կանգնեցման նուաճումները: Յաճախ կը պատմէր, թէ դժուարութիւն չէր ունենար ծրագիրներ ներկայացնելու եւ համապատասխան նուիրատուութիւններ ու կտակներ ապահովելու հարցին մէջ: Ցարդ չեմ գիտեր, թէ մեր եկեղեցւոյ սուրբերու կարգին կայ Ս. Թորոս անուամբ սուրբ մը, բայց ինք կը հաւատար  անոր եւ կարծէք նուիրատուութիւններու իր սուրբն էր ան:

Մանկութեանս, երբ կը կարծէի, թէ ան Լիբանանի հայութեան թագաւորն էր, չէի սխալած: Իր կեանքի 69 տարիներու 52-ը անցուցած էր Լիբանան` իբրեւ դպրեվանքի աշակերտ, միաբան, կուսակրօն քահանայ, լուսարարապետ, դրան եպիսկոպոս, առաջնորդ եւ կաթողիկոս: Լիբանանի կարեւորութեան հաւատացող վեհափառը շինարարական եւ կազմակերպական իր նախաձեռնութեանց կիզակէտը դարձուց Լիբանանի հայութիւնը: Եւ գրեթէ բոլոր եկեղեցիները, դպրոցներն ու այլեւայլ կառոյցները անպայմանօրէն ունին Խորէն Շինարարի ճակտին քրտինքը եւ սրտի տրոփիւնը:

Քաջ էր եւ անզիջող դիւանագէտ: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պահապան վեհափառը անզիջող սկզբունքայնութիւն ունէր թէ՛ ներհայկական եւ թէ՛ արտաքին ճակատներու վրայ: Իր այցելութիւններն ու հանդիպումները Լիբանանի նախագահներէն սկսեալ մինչեւ Մ. Նահանգներու նախագահ Նիքսըն, Եթովպիոյ Հայլէ Սալասիէ կայսրը, Յունաստանի Կոստանդին թագաւոր, Կիպրոսի նախագահ Մակարիոս արքեպիսկոպոս, Սուրիոյ Ամին Հաֆեզ եւ Հաֆեզ Ասատ նախագահներ, Յորդանանի Հիւսէյն թագաւոր, ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Իւթան եւ Հռոմի պապ Պօղոս Զ. քահանայապետ ու դեռ Իրանի շահ, սոսկ արարողակարգային  հանդիպումներ չէին, այլ` հայ ժողովուրդի Դատին եւ անկորնչելի իրաւունքներուն պաշտպանութեան ձգտող նախաձեռնութիւններ: Եւ պէտք էր տեսնել, թէ ինչպիսի՛ մանկական ուրախութիւն կ՛արտացոլար իր աչքերէն իւրաքանչիւր այցելութեան աւարտին:

Լիբանանի պատերազմի վատագոյն օրերուն Խորէն վեհափառ քաջաբար մնաց իր հօտին հետ, Պուրճ Համուտի պաշարումը կտրող առաջինը եղաւ, որ ուզեց իր աչքերով տեսնել ժողովուրդին ցաւն ու համատարած քանդումը: Երբ արեւմտեան Պէյրութի հայութիւնը վտանգուեցաւ, անձամբ այցելեց շրջան, արարողութիւն կատարեց Ս. Նշան եկեղեցւոյ մէջ, այցելեց ակումբ եւ թերթի խմբագրութիւն: Իր մօտ հրաւիրեց արեւելեան շրջաններու քաղաքական տարբեր ուժեր ու ցասումով եւ խիզախօրէն զանոնք սաստեց եւ զգուշացուց որեւէ հակահայ արարքէ:

Ու վեհափառը գիտցաւ, որ Լիբանանի հայութեան պաշտպանութիւնը կը պաշտպանէ նաեւ համայն հայութիւնը: Թեւ եւ թիկունք կանգնեցաւ Լիբանանի հայութեան ինքնապաշտպանութեան գործին, այցելեց ակումբներ, խրախուսեց պատասխանատուներն ու երիտասարդները, յորդորեց վարանողները, մղեց այլոց, որ իրենք եւս իրենց լուման նուիրաբերեն Լիբանանի հայութեան գոյատեւման գործին:

Քաջ էր նաեւ իր կեանքին հետ: Անխոնջ աշխատող` չվախցաւ սրտի հարուածներէն: Եւ երբ բժիշկները վտանգուած նկատեցին իր կեանքը, Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան շարունակականութիւնն ու ամրութիւնը պահելու կորովի համոզումով հրաւիրեց Ազգ. ընդհ. ժողով`  ընտրելու աթոռակից կաթողիկոս:

Միաբաններու դամբարան յուշարձանի կառուցման աւարտին ան ընտանեկան այցելութեան մը աւարտին երբ ցոյց կու տար նորակառոյց մատուռը, մատնանիշ ըրաւ Զարեհ վեհափառին դամբարանը եւ քովի տարածքը` ըսելով. «Հոս ալ ես պիտի թաղուիմ»: Քաջութիւն ու կեանքին հետ հաշտ ապրող մարդու խրոխտ կեցուածք:

9 փետրուար 1983-ին Խորէն վեհափառը ստացաւ իր յոգնաբեկ սրտին վերջին հարուածը: Մէկ օր առաջ աւարտած էր Ազգային ընդհանուր ժողովը եւ վեհափառը Աստուծոյ եւ ժողովուրդին հանդէպ իր պարտականութիւնը կատարած` յանձնուեցաւ Տիրոջ կամքին: Բարձրեալն Աստուած իր սիրելի Զարեհ վեհափառը առանձին չէր ուզած ձգել եւ իր մօտ հրաւիրեց միւս կէսը` Խորէն վեհափառը:

Փետրուար 14-ին վեհափառ հօր մարմինը փոխադրուեցաւ Ս. Նշան եկեղեցիէն Անթիլիաս: Հաճընի ու Խալիլ Պետեւիի մուտքին վեհափառ հօր դագաղը կը խլուէր ժողովուրդին կողմէ: Ամէն մարդ կ՛ուզէր դպչիլ դագաղին, բարձրացնել զայն ու յիշեցնել ի վերջոյ, որ Խորէն վեհափառը Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ամենայն հայոց կաթողիկոսն է, բոլորին կողմէ սիրուած վեհափառը: Բազմահազար ժողովուրդ հետեւեցաւ դագաղին, հետիոտն, Պուրճ Համուտէն մինչեւ մայրավանք, ուր յաջորդ օր կատարուեցաւ վերջին օծումը ու յանձնուեցաւ հողին, իր կառուցած յուշարձան դամբարանին մէջ, իր ուխտակից եղբօր` Զարեհ վեհափառին քով: Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան սփիւռքի մէջ վեցերորդ գահակալն էր ան եւ դպրեվանքի շրջանաւարտ երկրորդ կաթողիկոսը:

Յաճախ կը պատմէր, թէ մինչեւ 13 տարեկան հովիւ եղած է իր հօր հետ, Կիպրոսի Ս. Մակարայ վանքին մէջ: Կարօտով ու համեստութեամբ կը յիշէր այդ օրերը, միաժամանակ` հպարտութեամբ:

Եւ ոչխարներուն հովիւը բարձրացաւ Սսոյ աթոռին վրայ ու դարձաւ ժողովուրդի քաջ հովիւ:

Եղաւ մեծութիւն` առանց մեծամիտ ըլլալու: Եղաւ  համեստ` առանց համեստ երեւելու կեղծիքին:
Եղաւ ծառայ` իր օրինակով հարստացնելու Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ծառայական ուղին:
Ու եղաւ Կիլիկիոյ թագաւորութեան անկումէն ետք վտարանդի թագաւորը հայութեան:

Վեհափառ տէր,

Դուք, որ ձեր մէջ ամբարած էք Զարեհ ու Խորէն վեհափառներուն լուսամտութիւնն ու պայծառատեսութիւնը, քաջութիւնն ու ձեռներէցութիւնը, դուք, որ արդարօրէն եւ արժանաւորապէս ստանձնեցիք Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան գահը, Գարեգին վեհափառէն ետք, արտօնեցէք ինծի, իբրեւ համեստ զաւակը այս աթոռին, մաղթելու քաջառողջութիւն, կորով ու արեւշատութիւն:

Գագաթներ նուաճելու ձեր վճռակամութիւնը միշտ ամուր մնայ:
Ձեր օրերուն անսասան է Կիլիկիոյ Ս. Աթոռը:
Իսկ մենք ծառաներն ենք այս աթոռին:
Եւ անսասան պիտի մնայ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES