Զարեհ Ա. Կաթողիկոսի Վախճանման 50-րդ Տարելիցին Եւ Խորէն Ա. Կաթողիկոսի Վախճանման 30-րդ Տարելիցին Նուիրուած Յիշատակի Երեկոյին Արտասանուած Խօսքեր. Ալեքքօ Պեզիքեանի Խօսքը

Խորին շնորհակալութիւն կ՛ուզեմ յայտնել Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ ինծի այս պատիւը ընծայեց` մասնակցելու երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. հայրապետի յիշատակի ձեռնարկին: Այս առթիւ կ՛ուզեմ նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել, որ վեհափառը նաեւ նկատի ունեցաւ զիս` մաս կազմելու Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատուիրակութեան, եւ ներկայ ըլլալու կաթողիկէ Հռոմէական եկեղեցւոյ քահանայապետին գահակալութեան: 2013 տարին ինծի համար եղաւ ու տակաւին պիտի ըլլայ նախախնամութեան կողմէ ինծի շնորհուած հարուստ տարի մը` ազգային ու անձնական առումներով:

57 տարիներ առաջ, 2 սեպտեմբերին, պատանի տարիքիս ժողովուրդի հազարաւոր զաւակներուն շարքին, ներկայ եղայ Զարեհ Ա. վեհափառի գահակալութեան եւ օծման արարողութեան` վայելելով պատմական օր մը` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Սուրբ Աթոռին պատմութեան մէջ: Այդ թուականէն ի վեր իմ ներկայութիւնս կաթողիկոսարանէն ներս դարձաւ յաճախակի` հետզհետէ ամրապնդելով հաւատքս ու կապուածութիւնս մեր եկեղեցւոյ ու այս Սուրբ Աթոռին նկատմամբ:

Սա պահուն յիշողութիւնս կ՛երթայ 53 տարիներ ետք, երբ ՀՄԸՄ-ի մարզական խումբը մարզելու պարտականութեամբ, Պուրճ Համուտէն մարզիկները կ՛առաջնորդէի դէպի Անթիլիասի ծովափ, աւազին վրայ վազեցնելով զանոնք, նարնջենիներու բոյրով լեցուն մթնոլորտին մէջ: Օր մը, մեր մարզանքի պահուն յանկարծ հանդիպեցանք Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետին. ան մեզ դիմաւորեց իր ժպիտով ու պարզութեամբ եւ մեզի հետ սկսաւ զրուցել, հարցումներ ուղղել եւ հրաւիրեց վանք, որպէսզի զովանանք աղբիւրի ջուրով: Մեր փորձի օրերը գիտնալով` վեհափառը այս «աւանդութիւն»-ը պահեց` ամէն չորեքշաբթի եւ ուրբաթ օրերը երեկոյեան, նոյն ծովափին, ուր ընդհանրապէս ան կը ճեմէր, մեզ դիմաւորելով եւ մեզ քաջալերելով:

Այս առիթը օգտագործելով, ինչպէս նաեւ վեհափառ հօր մտերմութիւնը վայելած ըլլալով` սկսայ յաճախ այցելել կաթողիկոսարան: Ես վեհափառը ճանչցայ իբրեւ «Մարդ», իբրեւ հոգեւոր հայր, իր պարզութեամբ ու համեստութեամբ, զինք ճանչցայ իր բարութեան ու մանաւանդ ներողամտութեան նշանաբանով:

Երբ մեզի` պատանիներուս կը հանդիպէր, յաճախ կը խրատէր` ըսելով. «Դուք, տղա՛ք, մեր ապագայ սերունդն էք, գիտակից եղէք, կեանքը պայքար մըն է եւ մարտահրաւէր. պէտք է գիտնաք դիմագրաւել ամէն տեսակի խոչընդոտներ ու մարզական ոգիով պայքարիլ` միացնելով «միտքը սրտին», որպէսզի երջանիկ ըլլաք ու երջանկութիւն փոխանցէք ձեր շուրջիններուն, օգտակար ըլլաք դժուարութեան մէջ գտնուողներուն: Որքան բարձրանաք, այնքան բարձրացուցէք ձեր շրջապատը` ծառայելով բոլորին»: Յաճախ կը լսէի իր պատգամները, որոնք մինչեւ այսօր կը հնչեն իմ ականջներուս մէջ. վեհափառը կ՛ըսէր` հաւատքի ճամբով է, որ կրնաք ձեր կեանքը բարեփոխել. գիտցէք ներել, սիրել ու ծառայել միշտ համեստօրէն ու պարզօրէն: Ճշմարտութիւնը պաշտպանողը պիտի քննադատուի ու հալածուի. Քրիստոս նոյնիսկ խաչ բարձրացաւ:

Այսօր Հռոմի Ֆրանչեսկոս քահանայապետին պարզութեան մասին կը խօսուի: Մենք 57 տարիներ առաջ ունեցած ենք նոյն արժանիքներով օժտուած վեհափառ հայրապետ մը: Անձեր կու գան ու կ՛երթան, բայց հաւատքը, յոյսը ու սէրը Կիլիկեան Ս. Աթոռին նկատմամբ, որ եղաւ մնայուն պատգամը Զարեհ վեհափառին, հարկ է որ մնայուն ներկայութիւն դառնայ մեր կեանքին մէջ, ինչպէս մկրտութեան դրոշմը` մեր ճակտին:

1963-ի փետրուարին, երկուշաբթի օր մը, յանկարծակի շանթ մը ու որոտում մը ցնցեցին մեր հաւատացեալ ժողովուրդը: ՀՄԸՄ-ի Շրջանային վարչութեան ատենապետ Յ. Շահինեան զիս կանչեց առաւօտուն` խնդրելով, որ այցելենք վեհափառ հայրապետին: Հասանք հիւանդանոց. հազիւ մօտեցած էինք վեհափառի սենեակին, մեր դէմ ելաւ բժիշկ մը դրան սեմին, եւ ըսաւ «կեանքը ձեզի»: Այդ պատկերն ու պահը մինչեւ օրս իմ աչքերէս չեն հեռանար երբեք. փաթթուելով ատենապետին` ըսի. «նահատակուեցաւ մեր սիրելի Զարեհ վեհափառը»:

Որոշուելէ ետք յուղարկաւորութեան օրը, փութացի հօրս գործատեղին, որ արդէն սուգի պատճառով գոց էր: Հայրս եւ երկու պաշտօնեայ անմիջապէս լծուեցան 100 հատ սեւ դրօշակներ պատրաստելու` կեդրոնը ճերմակ խաչով: Դասաւորեցինք թրամուայի ընկերութեան կառքը, ու Ժըմմէյզիէն մինչեւ Հաճընի երկաթէ կամուրջը դրօշակներ զետեղեցինք երկու գիծերը միացնելով թելին: Աւելորդ կը գտնեմ սա պահուն խօսիլ յուղարկաւորութեան մասին. ձեզմէ ոմանք ականատես եղած են, ուրիշներ տեսերիզը դիտած են. իսկ նոր սերունդը «Ազդակ»-ի 50 տարի առաջուան լուրերը կարդալով` կրնայ պատկերացնել մեր ժողովուրդին խոր ցաւը: Նոյնիսկ երկինքը լացաւ վեհափառին յուղարկաւորութեան…

25 տարիներ առաջ, երբ այսօրուան մեր Ս. Աթոռին գահակալ վեհափառը, այդ օրերուն` Լիբանանի հայոց առաջնորդ, կ՛ըսէր, թէ մեր Ս. Աթոռը փոթորիկներէ անցաւ, բայց մնաց կանգուն ու զօրեղ: Ճի՛շդ է: Փոթորիկները չպակսեցան մեր Ս. Աթոռին շուրջ: Բայց մեր հաւատքով ու կամքով պիտի շարունակենք դիմագրաւել ամէն տեսակ փոթորիկներ, քանի մենք գիտակից ու հաւատարիմ ենք «Զարեհեան առաքելութեան»: Պիտի շարունակենք մարտահրաւէրները դիմագրաւել որակաւոր եկեղեցականներ պատրաստելով, այս դարաւոր Աթոռին ծառայութիւնը ծաւալելով ու զայն հարստացնելով նորանոր իրագործումներով: Պատի՜ւ այս Ս. Աթոռին, մանաւանդ` այսօրուան իր պանծալի գահակալին, Արամ Ա. վեհափառ հայրապետին, որ գիտցաւ իր մէջ ամփոփել իր նախորդ երեք գահակալներուն` Զարեհ Ա., Խորէն Ա. եւ Գարեգին Բ. կաթողիկոսներուն յատկութիւնները եւ իր ազգային, եկեղեցական, քաղաքական, միջազգային, ընկերային, շինարարական ծառայութիւններով վառ պահել կիլիկեան դարաւոր Ս. Աթոռին ջահը: Արեւշատութիւն` վեհափառ հայրապետին. թող իր շուքը անպակաս ըլլայ մեր ժողովուրդին վրայէն:

Յարգա՜նք, նահատակ Զարեհ Ա. վեհափառ հայրապետին ու իր անմոռաց յիշատակին:

Share this Article
CATEGORIES