Այո՛… Պիտի Քալենք
ՄԱԹԻԿ ԷՊԼԻՂԱԹԵԱՆ
– Այս տարի դուք ալ մեզի հետ քալելու տրամադի՞ր էք:
Այս անմեղ հարցումը պատճառ եղաւ, որ հոգիիս խորքի հրաբուխը ժայթքի:
– Մենք մնայուն քայլարշաւի մէջ ենք:
Վեց տարեկան էի, երբ մօրենական մեծ հայրս իր ոդիսականը պատմեց եւ այդ օր իր գաղթականի ցուպը դրօշարշաւի նման յանձնեց ինծի: Մանուկի թարմ ուղեղիս մէջ դրոշմուած այդ պատումը շարժանկարի նման կը կրկնուի եւ կը հալածէ զիս, մեր մեծ ողբերգութեան յիշատակութեան իւրաքանչիւր առիթով:
Պէյրութի մէջ այդ ցուպը ձեռքս պիտի քալեմ` միեւնոյն ոսոխին հալածանքին եւ նորագոյն ծրագիրներուն որպէս արձագանգ:
Ցեղասպանութեան յիսնամեակէն ասդին ամէն տարի տարբեր վայրերու մէջ հետեւած եմ հանդիսութիւններու, դէպի Շատտատէի քարայր արշաւի, Մարկատէի բացօթեայ աճիւններով հաղորդուած եւ Տէր Զօրի անապատին մէջ ծունկի աղօթած:
Բարօր կեանքի պայմաններու մէջ զգացումները եւ հոգեկան խռովքը չեն կրնար նուաճել ցեղասպանութեան շօշափելի իրականութիւնը:
Այս տարի ապրիլ քսանչորսի քայլարշաւը մեզի` սուրիահայերուս համար խոկումի պահ մըն է կռահելու «պանդխտութիւն, գաղթ, աստանդական, աքսոր, տեղահանութիւն, վտարանդի, թափառական» բառերուն իմաստը:
Մեր եկեղեցական տօներուն տնօրհնէքի ուրախութիւնը չապրեցանք, հաւկիթ չներկեցինք, տօնածառ չունեցանք, վաղը սակայն ցեղասպանութեան սուգը կրկնակիօրէն պիտի ոգեկոչենք, որովհետեւ յիշուած զրկանքները այդ չարաշուք աղէտին մրրիկին պատճառով է, որ կը հալածէ մեզ գաղթաշխարհի մեր ծիծեռնակի բոյներուն մէջ:
Հարիւրամեակ մը առաջ քալողները անօթի եւ ծարաւ էին, մենք կուշտ ենք, կիսամերկ եւ բոպիկ էին անձրեւին տակ, մենք` հովանոցները բռնած, գիշերները անպատսպար էին, մենք երդիքի մը տակ ենք, այդ երեւոյթները բարեբախտաբար այսօր չկան:
Մենք սակայն կը քալենք աչքերնիս ետեւ յառած` դէպի մեր քաղաքը, եւ հոն ապրող ու մարտնչող մեր բոլոր սիրելիներուն, նոյնիսկ անբաղձալիներուն կարօտով ու տեսքով:
Վաղուան քայլարշաւը Ցեղասպանութիւնը իրագործող հրէշին ծրագիրին դէմ ցոյց մըն է` յայտարարելու, թէ Տէր Զօրի յուշահամալիրը, որպէս յիշատակարան եւ սրբազան ուխտատեղի կանգո՛ւն պիտի մնայ, ՀԱՐԻՒՐԱՄԵԱԿԻՆ հո՛ն ենք, մենք հայրենի ակունքներէն հոսող Եփրատի ջուրերուն մէջ մկրտելու ռումբերուն տարափին տակ եւ մութ ծննդատուներուն մէջ տագնապի թէժ օրերուն լոյս աշխարհ եկած նորածին հայորդիները, որոնք բոլոր ժամանակներէն աւելի պահանջատէր պիտի ըլլան մեր Սուրբ Նահատակներուն արդար դատին:

