«Մենք Կանք» Ու Պիտի Շարունակենք Ըլլալ

Կիրակի,  21 ապրիլի երեկոյեան, ՀԲԸՄ «Տէմիրճեան» կեդրոնի մեծ դահլիճը մօտ հինգ հարիւր հոգի հիւրընկալած էր: Հետաքրքրասէր հասարակութիւնը,  երիտասարդութեան ակնառու թիւով, հաւաքուած էր դիտելու ՀԲԸՄ-ՀԵԸ «Անդրանիկ» մշակութային մարմնին կազմակերպած «Մենք կանք» փաստավաւերագրական ժապաւէնին ցուցադրութիւնը, որուն աւարտին նախատեսուած էր նաեւ զրոյց ժապաւէնի բեմադրիչին` այս առիթով Երեւանէն յատուկ հրաւիրուած Արմէն Խաչատրեանին հետ:

«Ընդամէնը 4 ժամ», «Թափառող մենակեացը»,  «Սեւ Լուսին», «Հեքիաթ թեւաւոր ձիու մասին», «Գրիգոր Գուրզադեան» եւ այլ ժապաւէններու հեղինակ Արմէն Խաչատրեանի «Մենք կանք» փաստավաւերագրական տեսաժապաւէնը մեծ հետաքրքութեամբ կը սպասուէր, որովհետեւ անիկա առաւելաբար կը վերաբերէր Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացած հայերու ճակատագիրին: Ժապաւէնի ցուցադրութենէն առաջ սրահին մէջ հնչած համշէնական պարզ ու թախծոտ երգերը հանդիսատեսը  կարծես կը նախապատրաստէին ցուցադրութեան մը, որ լի պիտի ըլլար անբացատրելի տխրութեամբ: Ըսուածը իր բացման խօսքին մէջ հաստատեց նաեւ «Անդրանիկ» մշակութային մարմնի ատենապետ դոկտ. Արմէն Իւրնեշլեանը:

«Ապրող յիշողութիւն: Երկա՜ր անգիտացանք այս «ծածուկ», «թաքուն» կամ «ծպտեալ» հայերուն գոյութիւնը: Եւ հայութենէ պարպուած մեր հայրենիքին մէջ, հողին ու քարին, թուփին ու ծառին տուինք ազգային ինքնութիւն եւ զանոնք հռչակեցինք բնակիչները մեր հայրենիքին: Քարերուն հայերէն խօսեցուցինք, որովհետեւ չէինք գիտեր, որ «ծածուկ», «թաքուն» կամ «ծպտեալ» հայ հայրեր կը մերժէին իրենց զաւակներուն հայերէն սորվելու խնդրանքը, որպէսզի անոնք սխալմամբ, պատահաբար, շուկային կամ դպրոցին մէջ յանկարծ հայերէն չխօսէին: Չէինք գիտեր: Մեր եկեղեցիներուն ու պատմական այլ յուշարձաններուն վստահեցանք հայրենիքին տիրութիւն ընելու պաշտօնը, մինչ մոռցանք, որ, չէ՛, չմոռցանք, չէի՛նք գիտեր, որ Ռէճէպ անուն թուրքի մը մեծ հայրը գնած է Վանի շրջանի եկեղեցիներէն մին ու կցած է զայն իր կալուածին, անոր տիրութիւն ընելու համար, որովհետեւ Ռէճէպին մեծ հայրը… Հայ էր: Չէինք գիտեր: Ի՞նչ գիտնայինք»:

Ահա մեր այդ չգիտցածին մասին է, որ պատմեց Արմէն Խաչատրեանի «Մենք կանք» փաստագրական ժապաւէնը, ուր ծովու ալիքներու եւ մշուշի պէս, մեր աչքերուն առջեւէն սահեցան անցան Հոբայի, Վանի, Մուշի, Արտուինի, Տերսիմի եւ կարգ մը այլ բարձրադիր շրջաններու  բնութեան հրաշքին մէջ մխրճուած տխուր ու թշուառ պատկերները:

Տեսաժապաւէնը ուսուցողական էր եւ ճշմարտացիօրէն վերարտադրած էր թրքական իշխանութեան կողմէ շարունակուող խտրականութեան եւ ցեղասպանութեան քաղաքականութիւնը, որ հարիւրամեակներու խորքէն եկած ու հասած է մինչեւ մեր ժամանակները: Իսլամացած կամ չիսլամացած տասնեակ հազարաւոր հայեր, այսօր ալ շարունակելով պահպանել իրենց ինքնութիւնը, կ՛ապրին վախի ու սարսափի մէջ, միայն ա՛յն պատճառով, որ … հայ են:

Մեծ է անոնց թիւը. միլիոնէ աւելի: Փաստ մը, որ հիմնուած է այն իրողութեան վրայ, որ քսաներորդ դարասկիզբին այս կամ այն պատճառով մօտ երեք հարիւր հազար հայ ի վիճակի չեղաւ հեռանալ իր հողէն` Արեւմտեան Հայաստանէն: Ապրեցաւ այնտեղ, բազմացաւ, ծնունդ տալով արդէն իսլամ հայերու: Ցեղասպանութիւնը նաեւ այսպէս կը շարունակուի…

Որպէսզի այս ժապաւէնին մասին տպաւորութիւնը ամբողջական ըլլայ, պէտք է նաեւ ընդգծել, թէ կան նաեւ հայեր, որոնք նոյնիսկ այդ պայմաններուն տակ չեն թաքցներ իրենց ինքնութիւնը. ընդհակառակն` անոնք իրենց տան բակերուն մէջ հայկական դրօշակ կը ծածանեն եւ Գէորգ Չաուշի մասին հերոսական երգեր կ՛երգեն. «Փոքր է երկինքը քեզ, մե՛ծ Գէորգ Չաւուշ…»:

Ժապաւէնի աւարտին բեմադրիչը սիրով պատասխանեց սրահէն հնչող հարցումներուն, որոնք աւելի ամբողջական դարձուցին ընդհանուր պատկերացումները հայկական շարունակուող ողբերգութեան, ու նաեւ հայկական ինքնութեան արժանապատիւ պահպանումի հրամայականին մասին:

Հանդիսութեան աւարտին ՀԵԸ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետ Վիգէն Չերչեան Արմէն Խաչատրեանին յանձնեց յուշատախտակ մը` առ ի երախտիք անոր կատարած աշխատանքին:

 ՆԵՐԿԱՅ ՄԸ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )