Ս. Հռիփսիմեանց Վարժարանի Աշակերտները Այցելեցին «Ազդակ»

Հայ կաթողիկէ Ս. Հռիփսիմեանց  վարժարանի աւարտական դասարանի աշակերտները` ընկերակցութեամբ վարժարանի երկրորդական դասարաններու տեսուչ Կարպիս Գապասաքալեանի, երէկ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին այցելեցին «Ազդակ»-ի խմբագրատուն:

Խմբագրական կազմի անդամ Արշօ Պալեան անոնց ծանօթացուց ամէնօրեայ դրութեամբ կատարուող օրաթերթին աշխատանքներուն, լրագրողներուն առօրեային, անձնակազմին գործերուն, ինչպէս նաեւ նորաբաց «Ժիրայր Պուտագեան»-ի անուան մամլոյ ուսումնասիրութեան կեդրոնին:

ԺԲ. դասարանի աշակերտները ընդունուեցան «Ազդակ»-ի տնօրէն եւ գլխաւոր խմբագիր Շահան Գանտահարեանի կողմէ:

Շ. Գանտահարեան ընդգծեց երիտասարդութեան կարեւորութիւնը մերօրեայ կեանքին մէջ եւ շեշտեց, որ «Ազդակ»-ի դռները միշտ բաց են անոնց համար:

Հռիփսիմեանց վարժարանի աշակերտներուն ներկայութիւնը զուգադիպեցաւ Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Աշոտ Քոչարեանի «Ազդակ»-ի խմբագրատուն կատարած այցելութեան: Դեսպանը իր կարգին ողջունեց աշակերտները եւ խորհուրդ տուաւ իրենց բարձրագոյն ուսման պարագային մասնագիտանալու այնպիսի ճիւղերու մէջ, որոնք կը նպաստեն Հայաստանի հայութեան ծառայութեան:

Դեսպան Քոչարեան նաեւ առաջարկեց աշակերտներուն` մտածելու իրենց համալսարանական ուսումը Հայաստանի մէջ շարունակելու կարելիութեան մասին:

Հանդիպումէն ետք աշակերտները իրենց այցելութիւնը աւարտեցին ծանօթանալով նաեւ «Ազդակ»-ի տպարանին:

Share this Article
CATEGORIES