ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» Մասնաճիւղ. Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոչման Ձեռնարկ

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Րաֆֆի» մասնաճիւղին, երէկ` երկուշաբթի, 22 ապրիլ 2013-ին, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, «Սողոմոն Թեհլիրեան» ակումբին մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման հանդիսութիւն:

Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներուն ունկնդրութենէն ետք ներկաները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին հայութեան մէկուկէս միլիոն նահատակներուն յիշատակը: Ապա բացման խօսքը արտասանեց Սեւակ Արոյեան, որ անդրադարձաւ ձեռնարկի նպատակին ու պատգամին կարեւորութեան եւ շեշտեց, որ ապրիլ 24-ը պարզ թուական մը չէ ԼԵՄ-ականին ու դաշնակցականին, եւ մանաւանդ մինչեւ այսօր այդ ոճիրին ահաւորութիւնը զգացող հայ ժողովուրդին համար: Արոյեան ըսաւ, թէ տակաւին երկար ճամբայ ունինք կտրելիք` հասնելու Արարատին: Աւարտին Արոյեան խնդրեց ներկաներէն այս առիթով վերանորոգելու իրենց ուխտը, թէ մեր երթը մէ՛կ է, պայքարը` աննահանջ, Պէյրութէն Լիզպոն, Լիզպոնէն Մարտունի, Մարտունիէն ալ Արարատ` հասնելով Ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստանին:

Գեղարուեստական բաժինով ելոյթ ունեցաւ Սերօ Քէլուկեան` ասմունքելով Սիամանթոյի «Ափ մը մոխիր»-ը` ընկերակցութեամբ Յակոբ Քէլուկեանի` տուտուկի վրայ:

Օրուան պատգամը փոխանցեց ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի անդամ Րաֆֆի Քէչէճեանը:

Ան անդրադարձաւ մեր աշխատանքի իսկական արժեւորման կարեւորութեան: Քէչէճեան նշեց, որ պէտք է դիտել 100-ամեակին եւ 100-ամեակէն անդին: Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին կազմութեամբ մեր պայքարի ընթացքը աւելի ուժեղ եւ կազմակերպուած պիտի ըլլայ: «Ունինք զանազան կարելիութիւններ, ինչպէս հզօր սփիւռք, ազատ եւ անկախ Հայաստան ու հայկական պետականութիւն», ըսաւ Րաֆֆի Քէչէճեան:

Բանախօսը դիտել տուաւ, որ հանդէսները եւ արշաւները բաւարար չեն: Պէտք է ծրագրուած մօտեցում ունենալ միջազգային ատեաններուն դիմաց: Ան նաեւ աւելցուց, որ հատուցումին առնչութեամբ պէտք է պատրաստել ամբողջական թղթածրար մը:

Քէչէճեան դիտել տուաւ, որ կան նաեւ զանազան արգելքներ մեր պայքարի ճամբուն վրայ, անոնցմէ նկատելով շրջափակուած հայրենիքը, տկար տնտեսութիւնը, արտագաղթի երեւոյթը եւ այլ մտահոգիչ մարտահրաւէրներ:

«Հայ երիտասարդը պահանջատէր շարքերով պիտի քալէ… Յառա՛ջ. դաշտը մեզի է», եզրափակեց Ր. Քէչէճեան:

Ապա ցուցադրուեցաւ Ցեղասպանութեան եւ հայութեան քաղաքական պայքարին նուիրուած անգլերէն տեսերիզ մը:

Ձեռնարկի աւարտին յեղափոխական երգերով ելոյթ ունեցաւ Սերոբ Յակոբեան` ընկերակցութեամբ Սագօ Պետրոսեանի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES