«Շնորհակալութիւն Զուիցերիոյ` Հայ Ժողովուրդին Նկատմամբ Իր Ցուցաբերած Զօրակցութեան Համար» Ըսաւ Արամ Ա. Կաթողիկոս
«Զուիցերիան Պիտի Շարունակէ Մնալ
Հայ Ժողովուրդի Կողքին»
Շեշտեց Դոկտ. Կ. Լոխըր
Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու նախագահին` դոկտ. Կոթֆրիտ Լոխըրին ի պատիւ տրուած ընդունելութեան խօսք առնելով, Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձաւ Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան պատմական յարաբերութիւններուն: Վեհափառ հայրապետը յատկապէս ըսաւ. «Մեր ժողովուրդը եւ եկեղեցին խոր երախտագիտութեամբ կը յիշեն այն զօրակցութիւնը, զոր ցոյց տուիք հայ ժողովուրդին Ցեղասպանութենէն ետք` մեր ժամանակակից պատմութեան մէկ ճակատագրական հանգրուանին: Հանգանակութիւններ կազմակերպեցիք գաղթական հայ ժողովուրդի տառապող զաւակներուն համար, ծերանոց ու կուրանոց հիմնեցիք Սուրիոյ, Լիբանանի ու Յունաստանի մէջ, կարիքաւոր աշակերտներուն կրթանպաստ յատկացուցիք, որպէսզի ինքզինք վերակազմակերպէ մեր ժողովուրդը»: Շարունակելով իր խօսքը` վեհափառ հայրապետը ըսաւ. «Հայ եկեղեցւոյ ու Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներուն միջեւ միջեկեղեցական սերտ գործակցութիւն եղած է ու կը շարունակուի աստուածաբանական երկխօսութեան, Արմենոֆասի գործունէութեան եւ այլ ճամբաներով»: Այս ծիրին մէջ վեհափառ հայրապետը յիշեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան եւ հայ աւետարանական եկեղեցիներու միջեւ շարունակուող գործակցութինը, յատկապէս Ազունիէի բուժարանի եւ ծերանոցի ու կուրանոցի ճամբով:
Ապա վեհափառ հայրապետը անդրադառնալով Հայ Դատի գծով Զուիցերիոյ զօրակցութեան ըսաւ. «Ձեր այցելութիւնը մեր Ս. աթոռին կը զուգադիպի ապրիլ 24-ին, մեր նահատակներու ոգեկոչման նախօրեակին: Արդարեւ, թէ՛ Զուիցերիոյ պետութիւնը եւ թէ՛ եկեղեցիները ո՛չ միայն ճանչցած են Ցեղասպանութիւնը, այլ ամէն առիթով իրենց զօրակցութիւնը կը յայտնեն հայ ժողովուրդի արդար դատին: Հայ ժողովուրդի դատը արդարութեան դատ է: Եկեղեցին չի՛ կրնար անտարբեր մնալ մարդկային իրաւունքներու բռնաբարման նկատմամբ, եւ Զուիցերիոյ եկեղեցիները անտարբեր չմնացին: Միջազգային համայնքը պէտք է ճանչնայ հայ ժողովուրդի Ցեղասպանութիւնը եւ մեր ժողովուրդին իրաւունքները հատուցէ: Սա մեր ժողովուրդին արդար պահանջն է: Վստահ ենք, որ Զուիցերիան, իր պետութեամբ, ժողովուրդով ու եկեղեցիներով պիտի շարունակէ զօրավիգ կանգնիլ հայ ժողովուրդի արդար դատին», եզրակացուց վեհափառը եւ ապա Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Ասպետի շքանշանով պարգեւատրեց դոկտ. Լոխըրը:
Պատասխանելով վեհափառ հայրապետի խօսքին` Զուիցերիոյ բողոքական եկեղեցիներու նախագահ դոկտ. Լոխըր նախ շնորհակալութիւն յայտնեց վեհափառ հայրապետին ցուցաբերած ազնիւ հիւրասիրութեան եւ գնահատանքին համար, ինչպէս նաեւ Ասպետի շքանշանով պարգեւատրման համար: Ան ըսաւ, որ «այս պարգեւատրումը ու գնահատանքը իմ անձիս ճամբով կ՛երթայ մեր եկեղեցիներուն ու Զուիցերիոյ ամբողջ ժողովուրդին»: Դոկտ. Լոխըր ըսաւ, թէ Զուիցերիոյ նոր սերունդի զաւակները իրենց ծնողներէն իմացած են Հայոց ցեղասպանութեան մասին եւ անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՞ս Զուիցերիոյ ժողովուրդը եւ յատկապէս եկեղեցիները փութացած են հայ ժողողուրդի օգնութեան: Խօսելով Ցեղասպանութեան ու Հայ դատին մասին` դոկտ. Լոխըր ըսաւ, որ «մենք պիտի շարունակենք միշտ ըլլալ Հայ Ժողովուրդի ու անոր դատին եւ արդարութեան կողքին»: Երկուշաբթի առաւօտ դոկտ. Լոխըր վեհափառ հայրապետին հետ առանձին հանդիպում մը ունենալէ ետք մեկնեցաւ:
Դոկտ. Լոխըր բողոքական եկեղեցիներու միջազգային յարաբերութեանց պատասխանատու դոկտ. Օլիվիէ Ֆորներոյին հետ միասին Անթիլիաս ժամանեց շաբաթ երեկոյեան: Ժամանումէն անմիջապէս ետք ան առանձին հանդիպում մը ունեցաւ վեհափառ հայրապետին հետ: Ապա, դոկտ. Լոխըր վեհափառ հայրապետին ընթրիքի հիւրը եղաւ: Ընթրիքին ներկայ էին նաեւ Արմենոֆասի մարմնի Զուիցերիոյ անդամները: Կիրակի առաւօտ դոկտ. Լոխըր ներկայ եղաւ սուրբ եւ անմահ պատարագին Անթիլիասի Մայր տաճարին մէջ: Կիրակի կէսօրէ ետք վեհափառ հայրապետը պաշտօնական ընդունելութիւն մը սարքեց ի պատիւ իր հիւրին: Ընդունելութեան ներկայ էին պետական հայ նախարարներ, երեսփոխաններ, Ազգային կեդրոնական վարչութեան անդամներ, Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան, համայնքի պատասխանատուներ, ինչպէս նաեւ Լիբանանի բողոքական համայնքի ներկայացուցիչներ:
Յայտնենք, որ բողոքական եկեղեցիները Զուիցերիոյ բնակչութեան շուրջ յիսուն առ հարիւր համեմատութիւնը կը կազմեն եւ գործօն դերակատարութիւն ունին քաղաքական, հասարակական եւ միջեկեղեցական մարզերուն մէջ:

