Հետաքրքրական Հանդիպում Բեմադրիչ Գարմէն Լապաքիի Հետ
Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան դաստիարակչական յանձնախումբին, երէկ` երկուշաբթի, 22 ապրիլի առաւօտեան ժամը 9:30¬ին, ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ հետաքրքրական եւ իւրայատուկ հանդիպում մը` բեմադրիչ Գարմէն Լապաքիի հետ:
Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց Լենա Գալուստեան, որ դիտել տուաւ, թէ 98 տարի առաջ գործադրուած Հայոց ցեղասպանութեամբ թուրքը կարծեց, որ հայութեան գերեզմանը փորած է արդէն եւ զայն բնաջնջած է գոյութենէն, սակայն ան բացարձակապէս սխալած էր, որովհետեւ սփիւռքի մէջ ապրող, կերտող եւ գոյատեւող հայը հակադարձող զէնք հանդիսացաւ թուրքին ծրագիրներուն: Անոր համաձայն, Հայոց ցեղասպանութենէն ճողոպրած հայուն դիմաց ցցուած մարտահրաւէրները թէեւ մեծ էին, դժուարութիւնները բազմաթիւ էին, սակայն ան կրցաւ յաղթահարել այս բոլորը եւ կրկին շարունակել հայու վայել երթը:
Լ. Գալուստեան անդրադարձաւ նաեւ Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին վերաբերող բազմաթիւ հրատարակութիւններու, ժապաւէններու, որոնք նաեւ պատրաստուեցան օտարներու կողմէ, որոնց կարգին է Գարմէն Լապաքին, որ քանի մը ժապաւէններով անդրադարձած է հայութեան, Հայաստանի, Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատին:
Արաբերէնով արտասանած իր խօսքին մէջ ան ողջունեց Գարմէն Լապաքիի ներկայութիւնը, անոր տարած աշխատանքը, անդրադարձաւ Հայոց ցեղասպանութեան, նաեւ դիտել տուաւ, որ աշխարհով մէկ տարածուած հայութիւնը կը մնայ պահանջատէր, իսկ դատը պիտի մնայ կենդանի, այնքան ատեն որ հետապնդող եւ պահանջող սերունդներ կան:
Ապա ան ներկայացուց Լապաքին եւ անդրադարձաւ անոր պատրաստած ժապաւէններուն:
Անկէ ետք Քրիստինա Սրապոնեան յուզումով եւ տպաւորիչ կերպով ընթերցեց իր մօր` Այտա Մահսէրէճեան¬Սրապոնեանի գրած Հայոց ցեղասպանութեան եւ հայութեան գոյատեւման վերաբերող մտորումները:
Իր պատրաստած ժապաւէններէն հատուածներ դիտելէ առաջ Գարմէն Լապաքի անդրադարձաւ հայութեան հետ ունեցած իր կապին, հայութեան նկատմամբ ունեցած իր յարգանքին ու սիրոյն, որոնք մղած են զինք անոնց մասին ժապաւէններ պատրաստելու, անոնց դատը լուսարձակի տակ առնելու: Ան նշեց, որ նկատի ունենալով իր ամուսինին հայ ըլլալը, ան իր զաւակները` Յովհանն ու Վանան հայօրէն կը դաստիարակէ, անոնց կը սորվեցնէ իրենց մայրենի լեզուն, որովհետեւ ամէն մարդ պէտք է պահպանէ իր ինքնութիւնը: Լապաքի դիտել տուաւ, որ կը ցաւի, երբ տեսնէ, թէ խառն ամուսնութիւններ կնքող ընտանիքներուն մէջ հայոց լեզուն կ՛անտեսուի, որովհետեւ մարդուն ինքնութիւնը կը սկսի իր լեզուով:
Բեմադրիչը հաստատեց, որ հայ ազգը հզօր ազգ է, որ կրցած է յաղթահարել բազմաթիւ խոչընդոտներ:
Անդրադառնալով «Մըն Արամ իլա Արամ» ժապաւէնին` ան յայտնեց, որ Արամը իւրաքանչիւր հայու պատմութիւնն է` հաստատելով, որ ինք մեծ յարգանք կը տածէ մէկուկէս միլիոն նահատակներուն, ինչպէս նաեւ Ցեղասպանութենէն վերապրողներուն ու նոր կեանք կերտողներուն նկատմամբ: Ան մաղթեց, որ Հայ դատը լուծուի, արդարութիւնը իր ճիշդ ուղին կը գտնէ:
Ապա ներկաները դիտեցին Գ. Լապաքիի պատրաստած ժապաւէններէն ազդեցիկ եւ յուզիչ հատուածներ, որոնք նաեւ մեծ պատգամ կը փոխանցէին: Անկէ ետք բեմադրիչը պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

