«Լիբանանահայութիւնը Պիտի Քալէ Կարգապահ Եւ Պահանջատիրական Յանձնառու Կեցուածքով» Հաստատեց Յ. Հաւաթեան

Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով, «Ազդակ» յատուկ հարցազրոյց մը ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի Լիբանանի կեդրոնական մարմինի քայլարշաւի յանձնախումբի ներկայացուցիչ Յակոբ Հաւաթեանի հետ:

Հաւաթեան յայտնեց որ առաւօտեան ժամը 10:00-ին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարանի Հայոց ցեղասպանութեան 1.5 միլիոն նահատակներու յիշատակին կառուցուած մատրան դիմաց տեղի պիտի ունենայ ծաղկեպսակներու զետեղում, մասնակցութեամբ` սկաուտական շեփորախումբերուն եւ սկաուտներուն, ապա պիտի կատարուի Եղեռնի զոհերուն յիշատակի հոգեհանգստեան արարողութիւնը, նախագահութեամբ` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին: Այս առիթով, Արամ Ա. վեհափառ Եղեռնի մատրան դիմաց պիտի փոխանցէ իր պատգամը եւ կատարէ կարեւոր յայտարարութիւն մը:

Հաւաթեան յայտնեց, որ հայկական տարբեր շրջաններէ Պուրճ Համուտի հրապարակ ուղղուող փոխադրակառքերու մեկնարկը տեղի պիտի ունենայ կէսօրէ առաջ ճիշդ ժամը 11:00-ին: Փոխադրակառքերու կեդրոններուն մասին արդէն հրապարակուած է յատուկ կոչ մը: Ժողովուրդին կեդրոնացումը Պուրճ Համուտի հրապարակ պիտի ըլլայ հետեւեալ ձեւով` Նահրի կամուրջէն մինչեւ Պուրճ Համուտի հրապարակ պիտի համախմբուին շեփորախումբերը եւ սկաուտական շարքերը: Հրապարակի սկիզբը պիտի յատկացուի յարանուանութիւններու, քաղաքական անձնաւորութիւններու, կուսակցութիւններու եւ միութիւններու ներկայացուցիչներուն: Այս շարքին ետեւ պիտի համախմբուի ժողովուրդը, իսկ անոնց ետեւ շարուին դպրոցական աշակերտները` «Փոլիկարպոս» կայարանին դիմաց: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի կառատունը տրամադրելի պիտի ըլլայ ժողովուրդին , եւ անոնք ներքին թաղերէն մուտք պիտի գործեն Արմենիա պողոտայ: Սկաուտական խումբերը «Շաղզոյեան» կեդրոնի դիմացի ներքին թաղէն մուտք պիտի գործեն «Արմենիա» պողոտայ: Իսկ ժողովուրդը պիտի օգտագործէ Պուրճ Համոււտի քաղաքապետութեան կառատան կից գտնուող թաղը եւ մուտք գործէ հրապարակ:

Հաւաթեան անհրաժեշտ ու կարեւոր նկատեց այս ընդհանուր դասաւորումներուն եւ տնօրինումներուն յարգումը, որպէսզի քայլարշաւը ընթանայ կազմակերպ: Ան յայտնեց, որ անհրաժեշտ է, որ ժողովուրդը չխանգարէ սկաուտական շարքերը ու համախմբուի Պուրճ Համուտի հրապարակին չորս կողմը ու Տորայէն դէպի Նահրի կամուրջ ուղղուող Արմենիա պողոտայի բաժինը: Քաղաքապետութեան ոստիկանները պիտի փակեն ներքին ճամբաները: Դրօշակներու, պաստառներու եւ վզնոցներու ցրուումը տեղի պիտի ունենայ Պուրճ Համուտի հրապարակին մօտ, ուր երիտասարդներ այդ բոլորը հասանելի պիտի դարձնեն մասնակիցներուն:

Ժողովուրդը ժամը 12:15-ին պիտի քալէ դէպի Պէյրութի Նահատակաց հրապարակ, ուր այս առիթով հայ քաղաքական երեք կուսակցութիւններուն կողմէ պիտի արտասանուին խօսքեր եւ բազմութեան կողմէ հրապարակուի հաղորդագրութիւն մը` ուղղուած ՄԱԿ-ի ներկայացուցչութեան:

Իւրաքանչիւր մասնակից ի յառաջագունէ պէտք է նկատի ունենայ իր փոխադրակառքին վրայ տեղադրուած թիւը, որպէսզի հաւաքի աւարտին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակէն նոյն փոխադրակառքով վերադառնայ իր բնակութեան վայրը: Ան աւելցուց, որ միայն Անթիլիասէն դէպի Պուրճ Համուտ ուղղուող փոխադրակառքերը հաւաքի աւարտին Պէյրութի Նահատակաց հրապարակէն պիտի վերադառնան Պուրճ Համուտ:

Ան աւելցուց, որ մեծ թիւով տեղական եւ միջազգային լրատուամիջոցներ պիտի հետեւին լիբանանահայութեան կազմակերպած այս նախաձեռնութեան:

Այս առիթով Հաւաթեան կազմակերպիչ մարմինի անունով կոչ ուղղեց լիբանանահայութեան խուռներամ շարքերով մասնակցելու քայլարշաւին` անգամ մը եւս վերահաստատելու համար այն պատմական իրողութիւնը, որ լիբանանահայութիւնը, կեդրոնական գաղութի գիտակից մօտեցումով, նոյն վճռակամութեամբ ու նոյն յանձնառութեամբ կը շարունակէ Հայ դատի պահանջատիրութեան երթը:

Share this Article
CATEGORIES