50 Տարի Առաջ (24 Ապրիլ 1963)

Խմբագրական

Ապրիլեան Խորհուրդը

Անցած են այն օրերը, երբ մեր ժողովուրդը արցունքո՛վ միայն տուրք կ՛ընծայէր ապրիլեան նահատակներուն: Այսօր ալ արցունք կայ մեր բոլորի աչքերուն մէջ: Բայց` ոչ միայն արցունք: Եթէ այդպէս ըլլար, ապրողները աւելի անշունչ, եղած պիտի ըլլային, քան` մեռնողները:

Անկենդան բազմութիւններ են այն ժողովուրդները, որոնք սգահանդէսներով միայն կը յարգեն իրենց մեռելները: Փաստն ա՛յն է, մեր պարագային, որ հին թէ նոր բոլոր զարհուրանքները, բոլոր տեսակի բարբարոսութիւնները եւ` անոնց հետեւանք մեր  կոտորակումը, մեր մէջ կիրքի վերածեցին ապրելու կամքը: Ո՛չ միայն ծունկի չկրցան բերել մեզ, այլեւ մղեցին կոթողումի: Ո՛չ միայն ստրուկ չդարձուցին մեզ, այլեւ մղեցին ծառացումի:

Մեր պատմութեան ամբողջ տեւողութեան, անյիշատակ ժամանակներէ ի վեր, հայը կ՛անցնի կրակի եւ արեան գիծերէ: Բայց քաղաքական մանր-մունր հաշիւներու, կամ միջազգային մեծ ու պզտիկ բախումներու պատմութեան մէջ, «ի միջի՜ այլոց» կը յիշատակուի հայութեան գողգոթան կամ խաչելութիւնը` մեր հաւատքի, մեր հայրենիքի սիրոյն:

Մինչ մեր պատմութեան ճշմարիտ վերծանումն ու ճանաչումը ցոյց պիտի տային ամէնէն սկեպտիկ մարդուն իսկ, թէ հալածական, գաղթական, գրեթէ միշտ աստանդական եւ անհայրենիք մեր ժողովուրդը, իր բոլոր թերութիւններէն, թերահաւատութիւններէն եւ կաղացումներէն վեր, եղաւ այն բացառիկ ազգը, որ հողին պաշտամունքը նոյնքան զօրեղօրէն ապրեցաւ իր հայրենիքին մէջ, թէ իր հայրենիքէն դուրս: Եւ երբ իրեն մոռցնել ուզեցին հայրենի իր օճախը, մորենիին պէս բռնկեցաւ եւ մնաց մշտավառ հրդեհ:

Չկայ ժողովուրդ մը, որ մեզի չափ հայրենիքէն դուրս, սակայն մեզի չափ հայրենիքին հետ եղած ըլլայ: Փոյթ չէ, թէ իր սահմանափակ համրանքը ցրուած ըլլայ հինգ աշխարհամասերու ծայրամասերուն: Իւրաքանչիւր հայ, ո՛ւր որ ալ ըլլայ, իրեն հետ տարած է Հայաստանը` նոյնքան բաբախուն եւ կենդանի, նոյնքան տրոփուն եւ հարազատ:

Ու ճիշդ ասոր համար ալ այս անքակտելի կապը հայուն եւ իր հայրենիքին միջեւ թոյլ տուած է, որ ապրինք, ոչ միայն ապրինք, այլ նաեւ ստեղծագործենք: Կենսաւիւնովը ազգերու, որոնք իրենց պատմական առաքելութեան խոր գիտակցութիւնն ունին, տարերային բնազդով մը:

Մեր հայրենասիրութիւնը, ամէնէն մռայլ օրերուն իսկ, ապառաժ դարձած է ու մեզ փրկած` վտանգներէ, որոնք այլ ժողովուրդներու պարագային, բաւական պիտի ըլլային պատմութեան էջերէն ի սպառ ջնջելու զանոնք` պատմաբաններու հետաքրքրութեան նիւթ դարձնելով միայն նման ժողովուրդի մը գոյութիւն ունեցած ըլլալը:

Բայց այսօր մենք պատմութեան նիւթ չենք: Այլ` մէկը այն ազգերէն, որոնք պատմութիւն կը կերտեն` իրենց չափանիշով, ու քիչ մըն ալ աւելի:

Այս ճշմարտութիւններէն կը բխի հայուն հպարտութիւնը: Գիտակից, խոր, ինքնաճանաչ հպարտութիւն մը, որ ազգերը ոտքի վրայ կը պահէ, ուժ կու տայ անոնց ողնայարին: Կ՛արիացնէ, զանոնք կը կապէ իրենց անցեալի փառքին եւ կամուրջ կը նետէ լուսաշող ապագայի մը համար, որուն հաւատքը կը մնայ անմար:

Նոյն հպարտութեամբ այսօր կ՛ոգեկոչենք մեր մեծ նահատակները` վերանորոգելով մեր ուխտը, որ արիւնագիր մուրհակով մը փոխանցուած է մեզի:

Արտասահմանի հայութիւնը, որ «մեծ փոթորիկէն» ետք պետութեան մը կազմակերպուած կեանքով կ՛ապրի ու կը ծաղկի հորիզոնէ հորիզոն, նաեւ հայրենի հողերու վրայ վաղուան իր փառքը հիւսող մեր ժողովուրդը գիտէ, հակառակ բռնակալ իշխանութեան, թէ մէկ միլիոնէ աւելի մեր նահատակներու աճիւնէն, յաւիտեան նոր մուրհակն է, որ կը թելադրուի հայութեան, մէկ ժողովուրդ, մէկ հայրենիք, ազատ ու անկախ:

Արեան տուրք ընծայող ժողովուրդները տարբեր ձեւով չեն կրնար մտածել:

 

Պատմութեան Դաս Մը
Ապրիլ 24-ին

Այդ տարին համալսարանի դասընթացքներէս մէկուն նիւթն էր Օսմանեան կայսրութեան դիւանագիտական եւ քաղաքական պատմութիւնը: Ունէինք հմուտ դասախօս մը, որ դէպքերը կը պատմէր ու կը վերլուծէր այնպիսի ոճով մը եւ չոր նիւթը կը համեմէր այնպիսի մանրամասնութիւններով, որ ոստիկանական վէպի մը հետաքրքրութիւնը կը ստեղծէր:

Մենք արդէն տեսած էինք, թէ ինչպէ՛ս կազմուած էր Օսմանեան կայսրութիւնը եւ տարածուած` մինչեւ Վիեննայի դռները, Հիւսիսային Ափրիկէն գրաւելէ եւ Սեւ ծովը վերածելէ ետք զուտ թրքական լիճի: Սակայն կարող սուլթաններու յաջորդած էին ծոյլ  եւ հաճոյքը սիրող բռնակալներ, որոնք ոչ միայն չէին շարունակած իրենց նախորդներուն յառաջխաղացքը, այլեւ չէին կրցած տէր կանգնիլ իրենց ժառանգ ինկած հողամասերուն: Վարչականօրէն ալ քայքայուած, փտած Օսմանեան կայսրութիւնը վերածուած էր «հիւանդ մարդու»: Հիւանդին հոգեվարքը սկսած էր Քայնարճիի դաշնագրով, որ ցարական Ռուսիոյ կ՛ապահովէր հողային քաղաքական կարեւոր նուաճումներ: Եւրոպական մեծ տէրութիւնները, բոլորուած հիւանդին շուրջ, համաձայն էին անոր տալու մահացու վերջին հարուածը` ընդարձակ կայսրութիւնը իրենց մէջ բաժնելու համար, սակայն անոնցմէ իւրաքանչիւրը կ՛ուզէր, որ այդ հարուածը տրուէր այն ժամանակ միայն, երբ ի՛նք ապահովէր առիւծի բաժինը: Ու անոնց այս հակամարտութիւնը կ՛երկարաձգէր մահամերձին կեանքը: Սակայն կարելի չէր կասեցնել պատմութեան ընթացքը, ու կայսրութիւնը կը թափթփէր կտոր-կտոր:

Ազատութեան ոգին միշտ վառ մնացած էր նուաճուած ժողովուրդներուն մօտ: Թուրքերը երբեք չէին մտածած զանոնք իրենց մէջ շաղախելու մասին, այլ յաղթանակի հոգեբանութեամբ, անոնց միակ նպատակը եղած էր կեղեքումը եւ հարստահարութիւնը: Ու այդ ժողովուրդները կը սպասէին յարմար առիթի` թօթափելու համար թուրքին անմարդկային լուծը: Ռուսիան ալ, միւս կողմէ, անվերջ կը քրքրէր պալքանեան ժողովուրդները ոտքի ելլելու` պատերազմի պարագային իր օժանդակութիւնը խոստանալով անոնց: Երկար պայքարէ եւ մեծ զոհողութիւններէ ետք սերպերը յաջողած էին ձեռք բերել եթէ ոչ ամբողջական անկախութիւն, գոնէ` ինքնավարութիւն: Այն ժողովուրդը, որ ինքզինքը պարտուած չի սեպեր, չէ պարտուած, ուշ կամ կանուխ կը տիրանայ իր անկախութեան:

Այդ տարուան այդ օրը ապրիլ 24 էր:

Փոքրիկ վարանում մը շփոթի մատնեց համալսարան երթալու պահս: Չէ՞ որ սուգի օր ըլլալով` ազգային վարժարանները փակ էին: Սակայն առաւօտուն հազարաւոր ազգակիցներու հետ ներկայ եղած էի հոգեհանգստեան արարողութեան ու հաղորդուած` մեր նահատակներուն հետ, որոնց միակ յանցանքը իմ արիւնէս կրելնին եղած էր: Յետոյ կ՛ուզէի ներկայ ըլլալ Օսմանեան կայսրութեան փլուզման հանգրուաններուն, մանաւանդ` այդ օրը:

Դասախօսը խօսեցաւ յոյն ազատագրական շարժման մասին: Սերպ հայդուկներէն ետք, այս անգամ ոտքի ելած էին յոյները` քլեֆթներու առաջնորդութեամբ վերջ տալու համար ենիչերիներու անհատնում բռնաբարութիւններուն եւ կեղեքումներուն: Այս արդար պահանջին թուրքերը պատասխանած էին ընդհանուր ջարդերով, գիւղեր հրոյ ճարակ եղած էին, մահ ու սարսափ` ամէն կողմ: Ուսանողներուն ընդվզումը իր գագաթնակէտին հասաւ, երբ իմացան, թէ թուրքերը սպաննած էին նաեւ Պոլսոյ Կրեկորիոս պատրիարքը` այլ ութսուն բարձրաստիճան կղերականներու հետ: Բոլորին մտքին մէջ տակաւին շատ թարմ էին Պոլսոյ վերջին դէպքերը, որոնց ընթացքին եկեղեցիներ այրուած էին: Քովէս ուսանողուհի մը բացագանչեց. «Այս որքա՞ն վայրենի են, որքա՞ն գազանային»:

Միտքս անմիջապէս գնաց Վիքթոր Հիւկոյին, որ այդ յունական ջարդերուն առթիւ գրած էր «յոյն տղան-թուրքերը անցած են այնտեղէն, ամէն ինչ աւերակ է եւ սուգ…»:

Հապա՞ եթէ լսէին այդ օրուան զուգադիպող հայկական եղեռնի մանրամասնութիւնները, ի՞նչ որակում պիտի տային այդ ջարդարարներուն, որոնց գազանութիւնը հարիւր կամ հարիւր յիսուն տարի վերջ աւելի սաստկացած էր:

Պահ մը ես ինծի դրի դասախօսին տեղը: Դասին այդ մասը ես կրնայի աւելի լաւ պատմել, քան ինքը: Ոչ միայն ես, այլ` ոեւէ հայ, կը բաւէր, որ ան պատմէր իր պատմութիւնը, իր հօր կամ մեծ հօր պատմութիւնը:

Մտածումս յետոյ գնաց Անթիլիաս, յուշամատուռին: Հոն կարգով կախուած, շարուած ոսկորներուն, գանկերուն: Իրարու անծանօթ այդ ոսկորները, գանկերը, բերուած տարբեր վայրերէ, ջարդուած նոյն թուականին, նոյն արիւնով կարմրած ձեռքերով, մէկտեղուած են հո՛ն: Իւրաքանչիւր ոսկոր, իւրաքանչիւր գանկ` ծով տառապանքի մը պատմութիւնը:

Հապա միւսնե՞րը, հոն չշարուած ոսկորնե՞րը, հոն չկախուած գանկե՞րը, անգերեզման, կորսուած…

Ըրի մահաբոյր, սեւ հաշիւ մը:

Եթէ հնարաւոր եղած ըլլար վանքի մը բակին մէջ կախուած քահանայ մեծ հօրս, հօրեղբայրներուս, ազգականներուս, արենակիցներուս, բոլո՜ր, բոլո՛ր նահատակներուն ոսկորները մէկտեղել, շարել, նման քանի՞ մատուռներու պէտք պիտի ըլլար, քանի՞ մեթր տարածութեան:

Ո՜հ, սարսափելի՜, ահաւո՜ր, աներեւակայելի՜:

Մոռանա՞լ այսքան չարիք:

Պէ՞տք կար նզովք կարդալու մոռցող որդիներու:

Ու ոչ մէկ միջազգային ձայն բողոքած էր այսքան արիւնի դէմ, դատապարտած` հրապարակաւ գործուած այսքան ոճիր: Թերեւս այդպէս աւելի լաւ եղած էր, որովհետեւ ամբողջ ժողովուրդի մը հանդէպ գործուած անարդարութիւնը առաւել եւս ուժ եւ մղում տուած էր, որպէսզի անթիւ նահատակներու զաւակները իրենց վրիժառու բազուկով սրբեն մեծ արատը` պայծառացնելով հայուն ճակատը:

Առաւօտուն սեւերու, խունկերու եւ շարականներու մէջ ճնշուած էր հոգիս: Հիմա դասարանին չոր պատերուն մէջ զգացի գաղջ թեթեւութիւն մը: Օտար ուսանողուհիին կանչին մէջ տեսայ թուրքին պարտութիւնը մարդկութեան ամէնէն թանկագին արժէքին` քաղաքակրթութեան առջեւ:

Վ. ՏԷՐ ԿԱՐԱՊԵՏԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES