«Սուրիոյ Մէջ Ազգային Երկխօսութիւնը Երկրին Տագնապին Վերջ Տալու Միակ Ճիշդ Ուղին Է» Կ՛ըսէ Պորուժերտի

Յուշանուէրի փոխանակում` Պորուժերտի եւ Ասատի միջեւ

Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ Իրանի խորհրդարանի ազգային ապահովութեան եւ արտաքին յարաբերութեանց յանձնախումբի նախագահ Ալատտին Պորուժերտիի գլխաւորութեամբ իրանեան խորհրդարանական պատուիրակութեան մը հետ հանդիպումին ընթացքին յայտնեց, որ «խորհրդարանները ժողովուրդներուն ու անոնց ձայնին իսկական ներկայացուցիչներն են եւ պէտք է իրենց ներկայացուցած ժողովուրդները պաշտպանեն, իսկ շրջանի կայունութիւնն ու հողային ամբողջականութիւնները թիրախ դարձնող այժմու իրադարձութիւնները խորհրդարաններուն վրայ իրարու միջեւ համակարգում կատարելու եւ այդ ժողովուրդներուն թշնամիներուն դէմ դնելու ջանքերը միացնելու իմաստով յաւելեալ պարտաւորութիւններ կը դնէ»:

Իրանեան պատուիրակութիւնը իր կարգին վերահաստատեց Իրանի զօրակցութիւնը Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծման, ինչպէս նաեւ շրջանային եւ միջազգային կարգ մը պետութեանց ահաբեկչութեան աջակցութեան ճամբով Սուրիոյ մէջ կացութեան հրահրման քաղաքականութեան մերժումը:

Նախքան այդ հանդիպումը, Պորուժերտի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարեց, որ «Իրան կը շարունակէ ամբողջական զօրակցութիւն ցուցաբերել Սուրիոյ, մինչեւ որ տագնապը ամբողջական կերպով աւարտի»: Ան Իսրայէլը ամբաստանած էր Սուրիոյ տագնապը հրահրելուն համար` նշելով, որ Իսրայէլ «զինեալներուն» կը փոխանցէ ենթակառոյցներու եւ Սուրիոյ մէջ կարեւոր կեդրոններու վերաբերեալ տեղեկութիւններ:

Ան ըսաւ, որ «Սուրիոյ մէջ ազգային երկխօսութիւնը երկրին մէջ տագնապին վերջ դնելու եւ ընթացող զինեալ տագնապին վերջ տալու միակ ճիշդ ուղին է»` նշելով, որ «Սուրիոյ նախագահին մինչեւ 2014-ի ամառը իր պաշտօնին վրայ մնալը լաւագոյն լուծումն է, ապա տեղի կ՛ունենան ազատ ընտրութիւններ, որոնց ճամբով ժողովուրդը իր խօսքը կ՛ըսէ»:

Նշենք, որ երէկ լիբանանեան «Սաֆիր» օրաթերթը հաղորդեց, որ Ասատ լիբանանեան ազգային կուսակցութիւններու եւ անձնաւորութիւններու հանդիպումէն ընդլայնուած պատուիրակութեան մը առջեւ յայտնած է, որ «Սուրիական ազատ բանակը իրողապէս վերջ գտած է, եւ մենք ներկայիս Քայիտայի դէմ կը կռուինք: Ներկայիս 23 օտար երկիրներու հպատակութիւն ունեցող մարտիկներ սուրիական հողերուն վրայ կը կռուին»:

Ան դժգոհութիւն յայտնած է սուրիական տագնապին նկատմամբ Լիբանանի որդեգրած չէզոք կեցուածքէն` նշելով, որ «կարելի չէ չեզոք կեցուածք որդեգրել, երբ կրակի օղակին մէջ ես եւ փոցերը քեզի կը մօտենան»:

Ինչ կը վերաբերի Թամմամ Սալամի Լիբանանի վարչապետ նշանակման, Ասատ ըսած է, որ «երբեմն օգտակար կ՛ըլլայ վերադառնալ քաղաքական ասպարէզին մէջ աւանդ ունեցող ընտանիքներուն, որոնց փորձառութիւնը կ՛արտօնէ, որ հարցերուն աւելի յստակ ու համապարփակ ընթերցում մը ունենան»:

Իսկ Սէուտական Արաբիոյ ուղղուած անուղղակի պատգամով մը Ասատ նշած է, որ Լիբանան համագործակցական ընկերութիւն մը չէ, որուն մէջ պաշտօնեայ մը արտասահմանէն կը նշանակուի կամ կը հեռացուի:

Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի այսօր Պրիւքսէլի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ կը քննարկէ Սուրիոյ կացութիւնը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )