Թուրքիա Եւ Իսրայէլ «Մաւի Մարմարա»-ի Հարցով Փոխհատուցման Հարցը Կը Քննարկեն
Թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնեց, որ թուրք եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներ երկուշաբթի օր Անգարայի մէջ հանդիպում ունեցած են քննարկելու համար «Մաւի Մարմարա»-ի վրայ արձանագրուած թուրք զոհերու ընտանիքներուն փոխհատուցման հարցը: Կողմերը կը բանակցին փոխհատուցման մեքանիզմի մը շուրջ:
Աղբիւրը նշեց, որ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Ֆերիտուն Սինիրլիօղլուի եւ Իսրայէլի ազգային ապահովութեան յանձնախումբի նախագահ Եաքով Ամիտրորի գլխաւորութեամբ պատուիրակութեանց միջեւ բանակցութիւնները տեղի կ՛ունենան Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ` դռնփակ ձեւաչափով:
CATEGORIES Միջազգային