Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժի ընդունեց երեսփոխան Էմիլ Ռահմէն, որուն հետ քննարկեց Հերմելի մէջ արձանագրուած ապահովական իրադարձութիւնները: Եարզէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Լիբանանեան-սուրիական գերագոյն խորհուրդի ընդհանուր քարտուղար Նասրի Խուրի: Քննարկուեցան երկու երկիրներուն սահմանային իրադարձութիւնները:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ այսօր կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պիտի անդրադառնայ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան աշխատանքին: Միւս կողմէ, Ժահժահ երէկ մտահոգութիւն յայտնեց, որ վարչապետ Թամմամ Սալամի վրայ բանեցուած ճնշումները պատճառ դառնան, որ Լիբանանի մէջ կառավարութիւն չկազմուի:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան ղեկավար Ամին Ժեմայէլ յայտնեց, որ Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն հարցը սկսած է լիբանանցիները մտահոգել եւ վախ առթել:
ԱՆՊԱՇՏՕՆ աղբիւրներու համաձայն, հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման կառավարութեան կազմութեան աշխատանքի հոլովոյթին շրջագիծին մէջ նախապայմաններ ներկայացուցած է ստանալու ներքին գործոց, պաշտպանութեան կամ ուժանիւթի նախարարութիւններէն մէկը:
«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ Հըզպալլա կառչած կը մնայ կառավարութեան մէջ կուսակցականներ ներկայացնելու որոշումին:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի աղբիւրներէն, կը գրէ, թէ վարչապետ Թամմամ Սալամ կ՛ուղղուի կազմելու քաղաքական կառավարութիւն մը:
ՀՐԱԺԱՐԵԱԼ կառավարութեան մէջ պետական նախարար Ալի Քանսօ յայտնեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին ընթացքի մէջ է եւ կառավարութիւնը 24 նախարարէ կազմելու առումով վերջնական որոշում չէ տրուած:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ իրենք պիտի չարտօնեն, որ Շեպաան եւ Արքուպի գիւղաքաղաքները ըլլան Լիբանանէն Սուրիա փոխադրուիլ ուզող զինեալներուն անցքերը կամ կեդրոնները:
ՀԱՄԱՅՆԱՎԱՐ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Խալետ Հատատէ նախատեսեց, որ Լիբանանի կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը երկարի` նկատի ունենալով տիրող շրջանային պայմանները:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Նեպիլ Նիքոլա յայտնեց, որ ցարդ Ուղղափառ հանդիպումին մշակած ընտրական օրինագիծէն լաւ տարբերակ մը կամ այլընտրանք մը գոյութիւն չունի:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան նախագահ Ֆայեզ Շքըր յայտնեց, որ այլեւս Սուրիական ազատ բանակ գոյութիւն չունի, այլ` Ժապհաթ Նուսրա:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան անդամ երեսփոխան Անթուան Նասրալլա շեշտեց, որ կառավարութեան կազմութեան հոլովոյթը տակաւին իր սկզբնական հանգրուանին մէջ է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ յայտնեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութիւնը ունի 20 հազար փաստաթուղթ, որոնք կը վերաբերին ելեւմուտքի նախարարութեան մէջ գործուած օրինազանցութիւններուն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանի շեշտեց, որ Հըզպալլա կը փափաքի օրէնսդրական բացթողում մը արձանագրել` իբրեւ նախաբան երկրին մէջ ստեղծուելիք ընդհանուր անիշխանութեան:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, վարչապետ Թամմամ Սալամի մօտիկ աղբիւրներ յայտնած են, որ կառավարութեան կազմը գրեթէ պատրաստ է:
ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ շեշտեց, որ ընտրական օրէնքի մշակման խորհրդարանական ենթայանձնախումբը պէտք է իր աշխատանքները շարունակէ` բանալու համար փակ դռները:
ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Նեպիլ Քաուք յայտնեց, որ ինչ ալ ըլլան երեսփոխանական ընտրութիւններուն արդիւնքները, Դիմադրութեան վերաբերող տարազը փոփոխութեան պիտի չենթարկուի:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ Հըզպալլա պէտք է գիտնայ, թէ սուրիական ներքին հարցերուն միջամուխ դառնալուն իրականութեան իբրեւ հետեւանք Լիբանան սուղ պիտի վճարէ: