Պըրրի Ընդունեց Ժամաա Իսլամիէի Մէկ Պատուիրակութիւնը
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Ժամաա Իսլամիէի մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ շարժումի քաղաքական խորհուրդի նախագահ Ազզամ Այուպիի եւ երեսփոխան Իմատ Հութի, որոնց հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Հանդիպումէն ետք Այուպի յայտնեց, որ խորհրդարանի նախագահին փոխանցած են իրենց մտահոգութիւնները, թէ Սուրիոյ մէջ տագնապը կրնայ փոխադրուիլ Լիբանան` նկատի ունենալով վերջերս Լիբանան-Սուրիա սահմանային շրջաններուն մէջ արձանագրուած իրադարձութիւնները:
Այուպի կարեւոր նկատեց Լիբանանի չէզոք կեցուածքին պահպանումը: Ան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական իւրաքանչիւր ուժ չէզոք քաղաքականութիւնը կիրարկելու յանձնառու պէտք է ըլլայ, որովհետեւ եթէ Սուրիոյ տագնապը հասնի Լիբանան, ապա ան թիրախ պիտի դարձնէ բոլոր կողմերը:
Իր կարգին, հրաժարեալ կառավարութեան ելեւմուտքի նախարար Մոհամետ Սաֆատի այցելեց Պըրրիի: Քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւնները:
Այն Թինէի այցելուներէն եղաւ նաեւ Սայտայի նախկին քաղաքապետ Ապտել Ռահման Պըզրի: Քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները: