Պարզապէս Սուրիական Վարչակարգին Զօրակից Ըլլալուն Համար
Թրիփոլիի Թալ շրջանին մէջ երէկ խումբ մը երիտասարդներ վարկաբեկեցին սուրիացի քաղաքացի մը, պարզապէս որովհետեւ ան կը զօրակցէր սուրիական վարչակարգին:
Խոշտանգելէ ետք սուրիական վարչակարգի զօրակից քաղաքացին, երիտասարդները զայն կիսամերկ վիճակի մէջ հրապարակ տարին, անոր կռնակին վրայ գրեցին «Ասատի հետեւորդ» բառերը եւ վիզէն պարան մը անցընելով պտտցուցին Թալի մէջ:
Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցին հետեւող շիիներու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ անդրադառնալով այս քստմնելի արարքին հարց տուաւ, թէ ո՞ւր են այդ արարքը դատապարտող կողմերը:
Շէյխ Զղէյպ յայտնեց, որ քաղաքական պատկանելիութիւնը իրաւունք է եւ այդ իրաւունքը սուրբ է` աւելցնելով, որ ցաւալի է, որ Լիբանանի վիճակը հասած ըլլայ այս աստիճանին:
CATEGORIES Լիբանանեան