Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Շարունակեցին Կառչած Մնալ Թուրք Դեսպանէն Բացատրութիւն Ուզելու Պահանջին

Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներու հարազատները երէկ դարձեալ բողոքի ցոյց մը կատարեցին Կեդրոնական Պէյրութի մէջ` թրքական օդանաւային ընկերութեան գրասենեակին դիմաց:

Երէկուան իրենց նստացոյցին ընթացքին ցուցարարները անգամ մը եւս լարեցին վրան մը` արգիլելով գրասենեակին պաշտօնեաներուն աշխատանքները: Աւելի՛ն. անոնք սպառնացին արգիլել Պէյրութի միջազգային օդակայանէն թրքական օդանաւերուն թռիչքները:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները շեշտեցին, որ իրենք կառչած կը մնան հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի կողմէ Լիբանանի մէջ թուրք դեսպան Ինան Էօզեըլտըզը կանչելու եւ անկէ բացատրութիւն ուզելու պահանջին:

Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցին հետեւող շիիներու գերագոյն խորհուրդի ներկայացուցիչ շէյխ Ապպաս Զղէյպ յայտնեց, որ Լիբանանի կողմէ առեւանգուած լիբանանցիներուն հարցին առումով բանակցութիւն կատարողը ընդհանուր ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմն է, «սակայն անոր աշխատանքը մեղադրելի չէ, որովհետեւ թրքական կողմն է, որ բացթողումներ կ՛արձանագրէ եւ կը զլանայ այս հարցին լուծման մէջ: Լիբանանի մէջ ստեղծուած ներկայ հարցը եւ առեւանգումը թուրքերուն կողմէ ստեղծուած հարց է», ըսաւ ան:

Ընտանիքներուն անունով խօսք առաւ Ատհամ Զղէյպ, որ շեշտեց, որ եթէ 48 ժամ ետք Էօզեըլտըզ կանչուած չըլլայ, ապա առեւանգուած լիբանանցիներուն ընտանիքները պիտի փակեն Պէյրութի միջազգային օդակայանի ճամբան:

Ան ընդգծեց, որ իրենց որդեգրելիք մագլցողական քայլերը ուղղուած են Լիբանանի մէջ թրքական իշխանութիւններուն շահերուն եւ ոչ թէ թուրք քաղաքացիներուն դէմ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES