Նախագահ Սլէյման Մարուան Շարպելի Հետ Քննարկեց Երկրին Ապահովական Կացութիւնը
Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման շաբաթավերջին նախագահական պալատին մէջ ընդունեց հրաժարեալ կառավարութեան մէջ ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպելը, որուն հետ քննարկեց երկրին քաղաքական եւ ապահովական իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովութեան ուժերուն կողմէ որդեգրուած այն քայլերը, որոնք կը վերաբերին Լիբանանի ապահովական կայունութեան եւ երկրին վարչակարգին պահպանումին:
Նախագահ Սլէյման ընդունեց նաեւ երեսփոխան Աթեֆ Մաժտալանին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան ներկայ իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ կառավարութեան կազմութեան վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Նախագահական պալատին այցելուներէն եղան նաեւ նախկին նախարարներ Իսամ Նաաման եւ Սամի Հատտատ, ինչպէս նաեւ նախկին երեսփոխան Էլիաս Աթալլա:
CATEGORIES Լիբանանեան


