Հերմելի Դէմ Ռմբակոծումը Վերջ Գտաւ

Հերմելի դէմ Սուրիական ազատ բանակին ռմբակոծումները երէկ վերջ գտան, երբ հաստատուեցաւ, որ սուրիական բանակը վերատիրացած է Հերմելի սահմանամերձ շրջաններուն եւ խաղաղութիւն պարտադրած:

Սակայն հակառակ այս իրողութեան, Հերմելի բնակիչները զգուշաւոր էին եւ նախընտրեցին հեռու մնալ իրենց բնակարաններէն, որոնք կրնային ռմբակոծումի թիրախ դառնալ:

Հաւատարմութիւն դիմադրութեան պլոքի երեսփոխան Նաուար Սահիլի դարձեալ հաստատեց, որ բանակին պարտականութիւնն է Հերմելի իր բնակիչները պահպանել:

Սահիլի մաղթեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի ու բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժիի միջեւ հանդիպումը եւ անոնց որոշումները գետնի վրայ գործնական քայլերու վերածուին, որպէսզի կարելի ըլլայ վերջ մը դնել այդ ռմբակոծումներուն:

Սահիլի շեշտեց, որ Հերմել լիբանանեան գիւղաքաղաք է եւ իրենց համար մերժելի է Սուրիոյ պատերազմով տարուիլ: Ան հաստատեց, որ կատարուածը Սուրիոյ պատերազմը Լիբանան փոխադրելու քայլ մըն էր:

Նշենք, որ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ֆիլիփ Լալիօ յայտնեց, որ Փարիզ մտահոգ է լիբանանեան-սուրիական սահմանային մագլցումներուն առնչութեամբ: Ան ընդգծեց, որ Քուսայրի դէպքերուն ընթացքին Հերմելի վրայ ինկող ռումբերը ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան լիբանանեան գերիշխանութեան վրայ եւ կը սպառնան լիբանանցիներուն անվտանգութեան:

Share this Article
CATEGORIES