Ճատրակ. Ալեխինի Միջազգային Մրցաշարք. Արոնեան Պարտուեցաւ Իր Կատարած Առաջին Մրցումին

Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Ալեխինի անուան նուիրուած ճատրակի միջազգային մրցաշարք մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 10 ճատրակ խաղացողներ:

Հայրենի կրանտմասթըր Լեւոն Արոնեան, որ իր կատարած առաջին մրցումին սեւ քարերով ճակատեցաւ Տինկ Լիրենի (Չինաստան) դէմ, պարտութեամբ սկսաւ մրցաշարքը:

Ատամզ յաղթեց Անանտի, իսկ Քրամնիք` Վիթուկովի: Վաշիէ Լակրաւ – Ֆրեզինէ, ինչպէս նաեւ Սվիտլեր-Կելֆանտ հանդիպումները աւարտեցան հաւասարութեամբ:

Նշենք, որ առաջին հինգ հանգրուանի մրցումները տեղի պիտի ունենան 21-25 ապրիլին` Փարիզի մէջ (Ֆրանսա) գտնուող «Լուվր» թանգարանին մէջ, իսկ վերջին չորսը 28 ապրիլէն 1 մայիսին` Ս. Փեթերսպուրկի մէջ (Ռուսիա) գտնուող ռուսական պետական թանգարանին մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )