Ճատրակ. Լիբանանի Ա. Դասակարգի Խմբային Ախոյեանութիւն. Անսար Հանդիսացաւ Լիբանանի Ախոյեան
Կիրակի, 21 ապրիլին, Արաբական համալսարանի շրջանաւարտներու ակումբին մէջ (Պէյրութ, Համատ փողոց) աւարտեցաւ Լիբանանի ճատրակի 2013-ի Ա. դասակարգի խմբային ախոյեանութիւնը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին 8 խումբեր:
Առաւելագոյն 21 կէտէն 19 կէտ ապահովելով` Լիբանանի ախոյեան հանդիսացաւ Անսար, իսկ 2-րդ դիրքը գրաւեց Ֆրեր (15 կէտ):
ՀՄԸՄ Անթիլիաս ապահովելով 7 կէտ գրաւեց 7-րդ եւ նախավերջին դիրքը, իսկ Արապիէ առանց կէտ ապահովելու` վերջին դիրքը:
Այս մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին երկու կրանտմասթըրներ` Տիգրան Քոթանճեան (Հայաստան) եւ Ալեքսանտր Նուսինքօ (Ուքրանիա):
Տեղին է նշել, որ Լիբանանեան բանակը, որ 12 կէտով հանդիսացաւ 3-րդ, առաջին անգամ ըլլալով այսքան բարձր դիրք մը կը գրաւէ:
Նշենք, որ իր կատարած եօթը մրցումներուն ընթացքին ՀՄԸՄ Անթիլիաս արձանագրեց 2 յաղթանակ, 1 հաւասարութիւն եւ կրեց` 4 պարտութիւն:
Ստորեւ` վերջնական դասաւորումը.
ԿԷՏ
1.- Անսար 19
2.- Ֆրեր 15
3.- Լիբանանեան բանակ 12
4.- Թանմիէ 10
5.- Ռիատի 7
6.- Սովիեթ 7
7.- ՀՄԸՄ Անթիլիաս 7
8.- Արապիէ 0


