Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Այսօր` Սատաքա – Սալիմիէ Կիսաւարտական

Ինչպէս ծանօթ է, Մալեզիոյ մայրաքաղաք Քուալա Լամփուր ներկայիս կը հիւրընկալէ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութիւնը:

Լիբանանի ախոյեան Սատաքա թէեւ իր կատարած առաջին մրցումին 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Նաֆթ Ուասաթի հետ (Իրաք), սակայն երկրորդին 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Ուասըլի (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ), գրաւեց խմբակին պարագլուխի դիրքը` ապահովելով կիսաւարտականին իր տոմսը, ուր այսօր` երեքշաբթի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին կը մրցի Սալիմիէի հետ (Քուէյթ):

Յաղթանակ արձանագրելու պարագային, Սատաքա ոչ միայն պիտի ապահովէ աւարտականի իր տոմսը, այլեւս` Ասիոյ ակումբներու ախոյեանութեան երկու տոմսերէն մէկը (այս շրջանի):

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES