«Չեմփիընզ Լիկ». Այսօր` Պայէրն Միւնիխ – Պարսելոնա
«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի առաջին մրցումին, այսօր Պայէրն Միւնիխ իր դաշտին վրայ պիտի հիւրընկալէ Պարսելոնան:
Մրցումը պիտի սկսի ժամը 21:45-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Հիւրընկալ կազմէն կախակայուած է Մարիօ Մանտզուքիչ, մինչ Պարսայէն` Ատրիանօ:
Նշենք, որ եթէ պատահի, որ այսօր Տանթէ, Ֆիլիփ Լահմ, Լուիս Կուսթաւօ (Պայէրն Միւնիխ), Ժերար Փիքէ, Եորտի Ալպա եւ Ալեքս Սոնկ (Պարսելոնա) այսօր դեղին քարտ ստանան, դարձի մրցումէն պիտի բացակային:
Կիսաւարտականի երթի երկրորդ մրցումին, վաղը նոյն ժամուն Ռէալ Մատրիտ հիւրը պիտի ըլլայ Պորուսիա Տորթմունտի:
CATEGORIES Մարզական

