Լիբանանի Ֆութպոլի Երէցներու Ախոյեանութիւն. ՀՄԸՄ Պէյրութ Կարեւոր Յաղթանակով Մը Սկսաւ Նոր Տարեշրջանը
Նախորդ շաբաթավերջին սկսաւ Լիբանանի ֆութպոլի երէցներու (1994-1995-ի ծնունդ) ախոյեանութեան 2012-2013 տարեշրջանը, երբ տեղի ունեցան Ա. հանգրուանի մրցումները:
Ա. խմբակին մաս կազմող ՀՄԸՄ Պէյրութ կարեւոր յաղթանակով մը սկսաւ նոր տարեշրջանը, երբ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ահտը:
Յակոբ Նաճարեան (53-րդ) եւ Քրիսթիան Թիմունեան (93-րդ) նշանակեցին ՀՄԸՄ-ի կոլերը` Պէյրութի քաղաքապետարանի «Հըրըժ» դաշտին վրայ տեղի ունեցած այս մրցումին:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ մրցումը շարունակեց տասը մարզիկով, երբ 65-րդ վայրկեանին Մայքըլ Խալիֆէ կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Ստորեւ կու տանք ՀՄԸՄ Պէյրութի երէցներու խումբին մաս կազմող մարզիկներուն անունները, փոխանցուած` խումբին պատասխանատուներուն կողմէ.
Արշակ Անդրիկեան, Քրիսթիան Թիմունեան, Յարութ Պիրքրարեան, Գէորգ Ճուհրճեան, Գրիգոր Աւետիսեան, Յակոբ Նաճարեան, Նարեկ Ատուրեան, Մայքըլ Խալիֆէ, Մանուկ Պապիկեան, Շանթ Պալեան, Կարապետ Շատոյեան, Մամաս Քէհէեան, Մայքըլ Սաատ, Քրիստ Ճերեճեան, Գէորգ Զաքարեան, Քրիստ Տարագճեան, Կարէն Խաչատուրեան, Ժոզեֆ Ապու Ռըժէյլի, Մհեր Սիւրմենեան, Էնտրու Ազզէ, Գրիգոր Ահարոնեան եւ Շանթ Գէորգեան: