«Ես Հայաստան Չեմ Դիտեր»

ՄՈՎՍԷՍ Թ. ՀԵՐԿԵԼԵԱՆ

Աղօտ կերպով կը յիշեմ, երբ տակաւին մեր գիւղը ելեկտրական հոսանք չկար. մենք գաղափար չունէինք ելեկտրականութեամբ աշխատող սարքերէն: Մեր թաղի կաթողիկէ ընկերներէս երբեմն կը լսէի «ռատիօ»-ին մասին:

– Վաղը Հայաստան  պիտի ունկնդրենք:

– Ի՞նչ,- կը հարցնէի ապշած,- Հայաստան ո՜ւր,  դուք  ո՜ւր… ինչպէ՞ս Հայաստան պիտի լսէք:

Քահ-քահ կը խնդային.

– Վարդապետին քով:

– Վարդապետին քով Հայաստանը ի՞նչ գործ ունի,-  կը զարմանայի:

– «Ռատիօ»-էն, չէ՞ որ վարդապետը «ռատիօ» ունի:

Կարծես իբր թէ մեծ գաղտնիք մը բացայայտելով`  ինծի շնորհ մը կ՛ընծայէին: Ես ի՛նչ գիտնայի, թէ «ռատիօ»-ն ի՛նչ էր:

– Հըմ…,-  իբր թէ կը հասկնայի: Քիչ կը մնար, որ զղջայի կաթողիկէ չըլլալուս համար: Աս որքան բան գիտէին կաթողիկէները:

Նոր իմացայ, թէ «ռատիօ» կոչուած բան մը գոյութիւն ունի, սակայն առանց ըմբռնելու, թէ ինչ էր: Միայն վարդապետը ունէր «ռատիօ»:

Ամէն չորեքշաբթի Հայաստանէն հայերէն երգեր կը սփռուէր, ժողովուրդը կ՛երթար վարդապետին քով` հայերէն ունկնդրելու:

– Ես ալ կ՛ուզեմ երթալ,- խնդրեցի ընկերներէս:

– Նայինք, եթէ վարդապետը կ՛ընդունի:

«Ինչ է, որ պիտի չընդունի»,- անցաւ մտքէս: Բայց  չէ որ ես…

«Կ՛ընդունի, կ՛ընդունի: Միթէ գլուխ կտրել կայ»:

Ելանք գացինք վարդապետին բնակարանը: Իրենք մտան, իսկ ես Պետրոս առաքեալին պէս դուրսը սպասեցի: Ընկերներէս մէկը մօտիկ էր վարդապետին, համարձակութիւն ունեցած էր  բարեխօսելու ինծի համար. իսկոյն եկաւ եւ հպարտութեամբ յայտարարեց`

– Եղա՛ւ, եկուր:

Ես ալ սահեցայ կռնակէն: Ընդարձակ սենեակը, գրեթէ լեցուն էր: Մեր թաղեցիներն էին. մարդիկ, կիներ, աղջիկներ եւ մենք, բոլորն ալ ծանօթ դէմքեր: Արտակարգ երեւոյթ մը նկատեցի, բացի ինձմէ բոլորն ալ կիրակնօրեայ զգեստներ հագած էին, կարծես թէ տօնական օր էր: Քիչ մը ամչցայ, աւելի սեղմուեցայ ընկերոջս կռնակը եւ որոշեցի անգամ մըն ալ հնամաշ շորերով անսովոր տեղ  չերթալ: Տղամարդիկ նստած էին տախտակէ նստարաններու վրայ, կիներէն մաս մը աթոռներու վրայ, մենք ալ անոնց ետին ոտքի կանգնած էինք: Սենեակին մէջ քիչ մը աղմուկ կար. քանի մը շատախօս կիներ անհասկնալի բաներ կը փսփսային իրարու եւ իբր թէ բան մը հասկցողի պէս լրջօրէն գլուխնին կը շարժէին, եւ երբեմն ալ կեղծ, բռնազբօսիկ կերպով կը ժպտային: Վարդապետն ալ խրպոտ շշնջոցով քովի մարդուն բան մը կը բացատրէր` ցոյց տալով մէջտեղի փոքրիկ սեղանի մը վրայ դրուած սնտուկի պէս քառանկիւն սարք մը. միւսներն ալ կը հետեւէին իրեն: Ես տակաւին այդպիսի սարք տեսած չէի:

– Ատ է «ռատիօ»-ն,- շշնջաց ականջիս ինծի միջնորդած ընկերը,- հիմա Հայաստան պիտի բանայ:

Վարդապետը փիլոնին տակէն  մետաղեայ շղթայով փայլուն կլորակ տուփ մը  հանեց, բացաւ ուշի ուշով նայեցաւ, ապա`

– Եղա՛ւ, սկսինք,- ըսաւ հանդիսաւոր կերպով, կարծես թէ պաշտամունքի պիտի սկսէինք: Կանանց փսփսուքը դանակի պէս կտրեցաւ, բոլորը լրջացան: Եւ վարդապետը սկսաւ սարքին ցցուած կլորակները դարձնել, ահաւոր խշշոց մը եւ -զիիի՜կ-խըշշշը-գըղղղը-երաժշտութեան նմանող արտառոց ձայներ… երաժշտութիւնը խշշոցին հետ միատեղ աւելի յստակացաւ եւ  զօրացաւ… ապա ուժգին ձայն մը.

– «Հայաստանն է խօսում»,- շունչս պիտի կենար, օ՜ֆֆ, հա՛, հիմա հասկցայ, ուր է «Հայաստան»…

Երաժշտութիւնն ու երգը հնչեցին: Կը յիշեմ` «հոյ նազան իմ եարը»… Մէջ ընդ մէջ արեւելահայերէն բաներ մը կը խօսուէր եւ դարձեալ երաժշտութիւն, երգ…  երբեմն վարդապետը կիսախուփ աչքերը ժողովուրդին դարձնելով, առանց ձայնի շրթները կը շարժէր եւ գլուխը կ՛օրօրէր: Մինչեւ յայտագիրին աւարտը շունչերնիս բռնած ըմբոշխնեցինք հայերէն երգեր եւ հայկական երաժշտութիւն: Երբ կը մեկնէինք նշմարեցի մեծերուն աչքերը լեցուած էին… կարօտով: Իսկ ես ոգեւորուած էի հայերէն երգ լսելով այդ տարօրինակ սարքէն:

Այլեւս ամէն չորեքշաբթի վարդապետին քովն էինք, մինչեւ որ հայրս «ռատիօ» մը բերաւ մեզի…

Մինչեւ Խորհրդային Միութեան քայքայումը Հայաստանի եւ մեր` սփիւռքի կապը հանդիսացաւ «Հայաստանն է խօսում»-ը: Խորհրդային Միութեան անկումին հետ կորսուեցաւ «Հայաստանի ձայնը»: Տարիներ առանց «Հայաստանի ձայն»-ի մնացինք:

Հայաստանի անկախութենէն քանի մը տարիներ ետք, երբ զարմիկս Հայաստան պիտի ճամբորդէր, այդպէս ոտքի վրայ, կէս կատակ հարցուց.

– Հայրենիքէն ապսպրանք մը ունի՞ս:

Ես ալ չեմ գիտեր ինչո՛ւ բնազդաբար`

– Այո՛,- ըսի,- ունիմ, եթէ իշխանաւոր մարդոց հանդիպիս բարեւ ըրէ իրենց մեզի թող սփռեն գէթ` պոլշեւիկներու ատենուան «Հայաստան»-ը: Կշտամբանքը ուղղուած էր հայրենի իշխանութիւններուն, թէ` հիմա անկախ ենք եւ նոյնիսկ  ձայնասփիւռի  ալիք մը  կը զլացուի մեզի:

Գնաց եկաւ եւ մեծ ոգեւորութեամբ պատմեց.

– Տեսայ իշխանաւորներու ճշգրիտ պատասխանատուն` տեղեկատուութեան նախարարը, ան խոստացաւ ո՛չ թէ պոլշեւիկներուն «Հայաստան»-ը, այլ մօտ ատենէն արբանեակային «Անկախ Հայաստանը» պիտի սփռէ մեզի:

Թերեւս օրին չհաւատացինք, բայց իսկապէս շատ չանցած ունեցանք նախ մէկ, իսկ այժմ չորս-հինգ «Հայաստան»… Արդարեւ հարկ չկայ մանրամասն թուելու «Հայաստան»-ի յայտագիրները, որովհետեւ իւրաքանչիւր յայտագիր արժանի է յատուկ գնահատանքի եւ կամ եթէ անհրաժեշտ է, բացառապէս կարգ մը յայտագիրներու պարագային, ինչու չէ նաեւ առանձին նկատողութեան: Այդ բաժինը` այլ առիթով: Այժմ հիմնականը այն է, թէ մենք պէտք է գիտակցինք, որ «Հայաստան»-ը աշխարհի չորս ծագերուն հայութեան համար մեծագոյն գրաւականն է հայապահպանման: Ես չեմ կրնար պատկերացնել, թէ գիտակից հայ մը ամէն օր չլիցքաւորուի «Հայաստան»-ի աւիշով:

Ինչ-ինչ յայտագիրներ կը հասնին մեզի հայրենիքէն, կրնաք երեւակայել յիսուն տարի  առաջուան եւ ներկայի տարբերութիւնը, եւ առանց  «միջնորդի», կոճակը սեղմէ՛ ինչ կ՛ուզես կրնաս ունենալ, ոչ թէ միայն երգ, երաժշտութիւն, այլ ճոխ յայտագիրներ, մանրամասն լուրեր, քաղաքական քննարկումներ, ընկերային հարցեր, ազգային արժէքներ, պատմական դէպքեր, արուեստի բազմազան մարզեր, երգիծանք, գրականութիւն… «Թէ կարող ես պարիր», «Թէ կարող ես երգիր», եթէ կարող ես լսէ՛, եթէ կարող ես դիտէ… Իսկ եթէ խելք ունիս օգտուէ՛:

Իսկ դուն «Հայաստան չե՛ս դիտեր»: Ես ըսեմ` դուն ինչ կը դիտես. մի՛ ստեր, դո՛ւն թրքական կը դիտես:

Տեսաք. «Աչքեր ունին տեսնելու եւ չեն տեսներ, ականջ ունին լսելու ու չեն լսեր»:

Ներէ իրենց Տէր, վասնզի չեն գիտեր ինչ կ՛ըսեն:

Այնճար                 

Share this Article
CATEGORIES