Ապրիլեան Խոհեր. Եթէ Կ՛ուզենք Ապրիլ

ՅԱՐՈՒԹ ՃԷՆԱՆԵԱՆ

Ներկայ ամիսը, որ կը կոչուի ապրիլ` իրականութեան մէջ հայ ժողովուրդին կը յիշեցնէ միայն մեռնիլը, որովհետեւ ան ազգովին ապրեցաւ 1915-ի զարհուրանքը, որուն պատմականին եւ նկարագրականին գծով 98 տարիներէ ի վեր ականատես եւ գրողներու հազարաւոր վկայութիւններ կան, նաեւ բեմերէն եւ մեր օրերուն հեռատեսիլներէն այնքան խօսուած է այդ մասին, որ մեր սեղմ էջերով անկարելի է դոյզն չափով անդրադառնալ անոնց: Արդարեւ, ջարդի, ոճիրներու ամէնէն սոսկալի տեսարաններու շարան մըն են անոնք, այն աստիճան, որ իբրեւ մարդ ստեղծուած ոեւէ արարած չի կրնար ըմբռնել, նոյնիսկ երեւակայել, որ այդպիսի անասնական եւ գազանային ոճով բռնութիւններ եւ սպանութիւններ տեղի ունեցած են:

Այո՛, միայն թուրք կոչուող բարբարոս ցեղը կրնար ըլլալ այդ ոճրագործը, որ եկաւ Մոնկոլիոյ սահմաններէն, հրաբուխի լաւաներու նման իր հոսանքով այրեց, քանդեց գիւղ ու քաղաք, ծառ ու անասուն եւ տիրացաւ մոխրացած հողերուն: Քանի մը դար շարունակելով իր եաթաղանով սկսած բնաջնջումի գործը` փոքրացուց տեղացի քրիստոնեայ ժողովուրդները` հայ, յոյն, ասորի եւ այլն ու օր մըն ալ ինք դարձաւ մեծամասնութիւն ու հողերուն ալ տէրը: Սուտ ու սխալ պատմութիւններ հիւսելով իր ժողովուրդին եւ ամբողջ աշխարհին` թուրքը կը ջանայ իբր թէ հաւատացնել, որ ինք բնիկ տէրն է մեր հողերուն:

Ահաւասիկ ա՛յս է թուրք ցեղին ամփոփ նկարագրականը, իր ծագումն ու կատարած գործը, որուն անունն իսկ նողկանք կը պատճառէ` ուղեղիդ պաստառին վրայ ցոլացնելով  սադայէլականութիւն, սարսափ, քանդում եւ մահ: Այս եղաւ իր դերը վեց դարեր ու յաջողեցաւ միայն անոր մէջ: Հոս միտք չունինք ներկայացնելու թուրքին իրական պատկերը. ուստի, ամբողջ Փոքր Ասիոյ ու շրջակայքի ժողովուրդները լաւ ճանչցան զինք եւ հարիւրաւոր հատորներ գրուած են այդ մասին: Կարեւորը այն է, որ գիտնանք, թէ այս պատուհաս ցեղին պատճառով, որ այրող ու քանդող երկնաքարի նման Արեւելքէն իջաւ ու ինկաւ մեր հազարամեայ հայրենիքի գլխուն`  այսօր ստիպուած պիտի ապրինք ներկայ մեր փոքր հայրենիքին մէջ` պաշարուած փանթուրանիզմ ծրագրած եւ գործադրող ազգի մը կողմէ, որ մեզմէ զօրաւոր է ռազմականօրէն եւ թիւով տասնապատիկ:

Հարցը այն է, թէ ինչպէս պիտի ապրինք այս շրջանին մէջ եւ առաւել` ինչպէս պիտի վերադարձնենք մեր խլուած իրաւունքները, որոնց մասին կը յայտարարենք եւ կը կրկնենք շարունակ: Անշուշտ անկարելի է վերատիրանալ ոչնչացուած մշակութային եւ մարդկային կորուստներուն, բայց պէտք է մտածել իրապաշտօրէն, թէ ի՛նչ պէտք է ընենք եթէ կ՛ուզենք ապրիլ այլեւս եւ ոչ թէ միայն մեռնիլ: Ահաւասիկ հոս է, որ հայ հանճարը գործի պէտք է լծուի եւ գտնէ ելքը: Ժամանակին ըսած են, որ խենթերն են, որ կը գտնեն հնար: Այլեւս ո՛չ. այս դարուն խելքն է, որ պէտք է գտնէ հնարը կամ ձեւը: Նախ պէտք է գտնել ելքը հայ ժողովուրդին ապրելու կարելիութիւնը տալու, որպէսզի ամէն սերունդ ահ ու սարսափով ապրելու եւ անփառունակ միջոցներով մեռնելու ստիպուած չըլլայ:

Ուրեմն կը մաղթենք, որ ունենանք գեր-քաղաքագէտ ղեկավարութիւն կամ գեր-իմաստուն գիտնականներէ կազմուած մարմին մը, որ ծրագրէ յաջորդ սերունդներուն ապահովելու իր կեանքն ու յառաջդիմութիւնը` աշխարհի ազգերու կողքին վայել մակարդակով: Այս բանը ընելու համար պէտք է դիմել ամէն տեսակի հնարագիտութեան` գէթ հետեւեալ քայլերով եւ անհրաժեշտ ուժերն ու լծակները գտնելով:

– Գաղտնօրէն ունենալ նոր եւ ահռելի, տակաւին չլսուած զէնք մը, որ ըլլայ միայն հայուն ձեռքին, ունենայ զինական գերակայութիւն եւ թշնամիին սպառնալու միջոց դառնայ: Թերեւս ոմանք կասկածի տակ առնեն ասիկա:

– Քաղաքականութեամբ դիրք գրաւել միջազգային եւ շրջանային բոլոր հարցերուն նկատմամբ` ի նպաստ մեր շահերուն, որպէսզի կարելի ըլլայ  անվնաս դուրս գալ ամէն տեսակի դաւերու եւ խաղերու ընդմէջէն, քանի որ մինչեւ հիմա միշտ խաբուած ենք բարեկամէն ու թշնամիէն, եւ տուժողը եղած է միայն հայ ժողովուրդը:

– Տիրացումը դրամական հզօր ուժ կոչուած զէնքին, որ կրնայ շատ բանալիներու հասնիլ եւ լծակներ գտնել:

– Կարելի եղածին չափ բարձրագոյն ուսումով օժտուած երիտասարդներ ունենալ, մասնաւորաբար քաղաքական եւ տնտեսական գիտութեանց մէջ` առաւելագոյն թիւով արթուն եւ գործօն ուղեղներով մասնակցելու այս փրկութեան գործին:

– Յոյս չկապել եւ չհաւատալ արտաքին որեւէ ուժի, տէրութեան կամ կազմակերպութեան եւ չհաւատալ երբեք թուղթի վրայ գրուած խոստումներուն:

– Մնալով հանդերձ քրիստոնեայ եւ հաւատացեալ ժողովուրդ մը` մոռնանք Քրիստոսի խօսքերուն սխալ մեկնաբանութիւնը այն մասին, որ իրականութեան մէջ ուժի եւ արդարութեան կրօնքն է եւ ոչ թէ թշնամիին ներել ու սիրել պարտադրող: Այս կէտին բացատրութիւնը կ՛ուզենք թողուլ հմուտ կղերականներուն` անոր խիստ կարեւորութեան համար, եւ կրօնքը վերածել դրական պատգամի եւ ոչ թէ տկարացումի եւ բացասական ուժերու կուտակումի:

Այս քանի մը գաղափարները ուզեցի արտայայտել ապրիլ 24-ին առիթով` յուսալով, որ Մեծ եղեռնի հարիւրամեակին մեզ առաջնորդող ղեկավարները որդեգրած կ՛ըլլան անոնցմէ մէկ քանին, այլապէս յոռետեսութեամբ պիտի նայիմ իմ զաւակներուս ապագային` այն վախով, որ արդեօք ո՛ր մէկ ուժին զոհը կրնանք դառնալ` մեր նախորդ հայրերուն նման եւ այդ ճակատագիրին ենթարկուին մեր թոռները եւ ծոռերը:

Ուրեմն, ես ինծի խղճի պարտք համարեցի ըսել ինչ որ միտքս եւ սիրտս կը թելադրէ` սպասելով այն բարեբաստիկ օրերուն, երբ պիտի ըլլանք խնդացող ժողովուրդ եւ ոչ թէ լացող եւ յարատեւ բողոք բարձրացնող ու սգահանդէսներ կազմակերպող: Միեւնոյն ատեն զարկ պէտք է տանք թուային աճի եւ զանազան ձեւերով կանխելով ստուարացումը, մերժելով եւ նոյնիսկ արգիլելով խառն ամուսնութիւնները իւրայատուկ միջոցներով, որպէսզի մնանք զուտ եւ հարազատ ընտրեալ ժողովուրդ մը:

 

14 ապրիլ 2013

Share this Article
CATEGORIES