Թող Տեսնէ Թուրքը` Մեր Քայլերը Ա՛լ Դողդոջ Ու Տկար Չեն

ՆՈՐԱ ԲԱՐՍԵՂԵԱՆ

Տէր Զօրի անապատ…

Ոեւէ հայ մանուկի կամ պատանիի բառարանին մէջ փորագրուած հիմնական բառերէն մէկը, որ կ՛ապրի անոր հետ ու կը մոռցուի միա՛յն անոր մահով: Բայց եւ այնպէս Տէր Զօրը երեւակայական պատկեր եւ եզր կը մնայ, մինչեւ որ այդ հայ մանուկը` երիտասարդ կամ նոյնիսկ չափահաս դարձած, այցելէ այդ վայրը… Ամէն հայու համար Տէր Զօրը միշտ եղած է հեռուէն կանչող, գէթ անգամ մը իր գիրկը հրաւիրող անծայրածիր տարածք մը, որուն անսահմանութեան տարողութիւնը կը զգայ միայն հոն գտնուողը: Ո՛չ ոք այնքան կրնայ հասկնալ Տէր Զօրին արժէքը, խորհուրդը, պատգամը, որքան հայը, ո՛չ ոք այդ անհատնում տարածքներէն անցնելով արցունք կը թափէ այնքան, որքան հայը, ո՛չ ոք կ՛ապրի կամ նոյնիսկ կը մահանայ Տէր Զօրը տեսնելու կսկիծով, փափաքով, տենչով, որքան հայը:

Տէր Զօրի անապատ…

Հո՛ն է, որ ինկած ու աւազին շաղախուած են հազարաւորներ, հո՛ն է, որ ինկած, սակայն ոտքի կանգնած ու երթը շարունակած են հազարաւորներ… Մահուան եւ յարութեան միացման կեդրոն:

Աստուա՛ծ իմ, այդքան հսկայական տարածք, այդքան անջրդի ու հրկիզող անապատ, այդքան հեռո՜ւ մարդկութենէն, ինչպէ՞ս քալած են հերոսները մեր, ինչպէ՞ս կրցած են գոյատեւել, ինչպէ՞ս կրցած են այդքան ծանր ցաւերու բեռան տակ տակաւին շնչել, տակաւին տոկալ, տակաւին յառաջանալ… Մարդ չէին անոնք վստահաբար, այլ` աստուածներու համազօր, հերոսներ իսկական, ապրելու եւ ապրեցնելու կամքի ներկայացուցիչներ, այլապէս պիտի չկարենային ծանր հարուածը տալ թուրքին` հայ ազգին կրկին շունչ ու հոգի տալով, կրկին ծնելով սերունդներ ու սերունդներ:

Տէր Զօրի անապատ…

Որքան աննշան ըլլալու զգացում կ՛ունենայ քեզ տեսնողը, քու խստութիւնդ եւ դաժանութիւնդ որքան չնչին կը դարձնեն քու կողքէդ ինքնաշարժով անցնողը, որ ամէնէն յարմարաւէտ կացութեան մէջ իսկ անվայել յոգնութիւն կը զգայ` ինքնաբերաբար մտածելով, որ եթէ այս պայմաններուն մէջ յոգնութիւնը իրեն կ՛այցելէ, ալ ո՜ւր մնաց հետիոտն, կիսամերկ եւ հարազատներու կորուստի ահաւոր ցաւը սրտին ու աչքերուն մէջ քալել փորձողն ու վերապրումի ճամբան որոնողը… Որքան մարդ կոչուելու անարժան կը գտնէ մէկը ինքնիրեն, երբ կը մտածէ, թէ ինչպէ՛ս իսկական մարդիկ այդ տաք աւազները ճզմած են իրենց դողդոջ ոտքերով, կիզիչ արեւուն ճառագայթներէն պաշտպանուած են գոյատեւելու հեռանկարին հովանիին տակ,  անապատային անօթութեան ու ծարաւի ահաւորութեան տակ չեն կրցած հաւատալ, որ կարելի է հասնիլ ապահով ափ, բայց հայութեան յարութեան հաւատքը միշտ պահած են իրենց սրտերուն մէջ…

Այդ գլխաւոր մարդոց եւ իսկական հերոսներուն շնորհիւ հայութիւնը այսօր կը գոյատեւէ, հայութիւնը այսօր ներկայ է աշխարհի վրայ ամէն տեղ, հայութիւնը վերապրած է, կրկին կերտած է, կրկին իր գոյութիւնը փաստած է` կրկին վախցնելով ու մտահոգելով թուրքը:

Իրաւունք ունի մտատանջուելու միայն թանգարանին մէջ հայ մը պահելու սին պատկերացումը ունեցող թուրքը, որովհետեւ երէկ Տէր Զօրի անապատին մէջ հազիւ իր գոյութիւնը պահող հայուն թոռներն ու ծոռերը այսօր հզօր են, այսօր անոնց ձայնը բարձր է, պահանջատիրութիւնը` տարբեր մակարդակներու վրայ հնչող:

Ինչպէս համայն հայութիւնը` ի Հայաստան եւ ի սփիւռս աշխարհի, տարբեր ձեւերով կը նշէ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակը, լիբանանահայութիւնը եւս այս տարի կոչուած է անգամ մը եւս իր ձայնը լսելի դարձնելու, խիտ շարքերով ու խրոխտ քայլերով Պուրճ Համուտէն ուղղուելու Նահատակաց հրապարակ` յիշեցնելու լիբանանցիներուն, թէ հայը Պուրճ Համուտ հասաւ իր հայրենիքէն զինք տեղահանած այն թուրքին ձեռքով, որ Նահատակաց հրապարակին վրայ լիբանանցիներու կեանքերուն վերջ դրած էր: Պուրճ Համուտը եղաւ հայութեան վերածնունդի վայրերէն, սակայն հոն երբեք չմոռցուեցան ոճիրն ու ոճրագործը, իսկ Նահատակաց հրապարակը եղաւ լիբանանցիներու մահուան վայրերէն, սակայն, հակառակ յուշարձանին, մոռցուեցան ոճիրն ու ոճրագործը:

Տէր Զօրի անապատներէն աննահանջ քալած մեր նախնիներուն ժառանգորդները այսօր կոչուած են համեմատաբար շատ աննշան տարածք մը կտրելու, որպէսզի ցոյց տան համայն աշխարհին, որ հոս ժողովուրդ մը կայ պահանջատէր, հոս դատ մը կայ անլոյծ, հոս անարդարութիւն մը կայ արդարութեամբ փոխարինուելիք:

Այո՛, հերթը մերն է մեր նահատակներուն ուղիով ընթանալու, անոնց կտակին հաւատարմութեամբ մեր հայեացքները ուղղելու դէպի Նահատակաց հրապարակ, որպէսզի ձախողին Հայ դատն ու պահանջատիրութիւնը լիբանանցիներուն մտապատկերներէն հեռացնելու բոլոր ճիգերը, որպէսզի լիբանանցին սթափի ու յիշէ, որ թուրքը ո՛վ է, ի՛նչ ըրած է եւ ինչե՜ր կրնայ ընել:

Փա՜ռք ձեզի` նահատակներ անմոռաց, փառք ու պատիւ ձեր բոպիկ ոտքերուն, արեւէն հրկիզուած ձեր մատներուն: Սպանդն ու ցեղասպանութիւնը տեսած ձեր աչքերով` դուք կրցաք շարունակել, հակառակ այս բոլորին` դուք կրցաք ձեր ոտքերը դուրս բերել զանոնք ներս քաշող աւազէն, կրցաք ցաւը վրէժի փոխել ու շարունակել, շարունակել, որպէսզի ձեր ոտքերէն վազած արեան հետքերով յառաջանայ իւրաքանչիւր հայորդի, այդ հետքերը միայն արժանապատիւին կը տանին, միայն դէպի յաղթանակ կ՛առաջնորդեն` կեանքին յաղթանակը…

Ու մենք պիտի քալենք այդ յաղթանակի ուղիով, պիտի անսանք կոչին` մոռնալով անձնական ամէն բան ու յիշելով միայն մեր հաւաքական շահերը, մեր անկորնչելի դատը եւ մեր ականջներուն փսփսացող ձեր ձայները… Հպարտ պիտի ըլլաք մեզմով, անգամ մը եւս մեզ պիտի դիտէք անդէնականէն եւ պիտի պարծենաք, որ ձեր յաջորդները արժանաւորներ են, տէրն են կտակին եւ դատին:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )