Թող Թուրքը Գիտնայ

ՀԱՅ ՄԱՅՐ ՄԸ

Դարձեալ ապրիլ ամիս, դարձեալ աշխարհի չորս ծագերուն ապրող հայուն արիւնը կ՛եռայ, կը վերանորոգուի, եւ նպատակին հասնելու համար տարբեր ձեւերու կը դիմէ ան:

Հայ մանուկը կը ծնի իր մեծ հայրերուն արիւնը ժառանգելով, նաեւ` պատմութիւնը եւ դատը:

Ներկայ սերունդին գծով կայ մնայուն գանգատ, որ անտարբեր, անհոգ, ազատամիտ եւ արհեստագիտութեան գերի է:

Ես ալ` իբրեւ հայ մայր, մտահոգ եմ այս  երեւոյթով եւ օտար հոսանքներով: Սակայն ապրիլ ամսուն ուրախութեամբ փաստեցի, որ սխալած էինք:

Ինը տարեկան տղաս ապրիլին սկիզբը անձնական նախաձեռնութեամբ Պիքֆայայի ապրիլեան յուշարձանի նկարը տեղադրեց սենեակին մէջ եւ «Այփետ»-ին վրայ: Հայկական դպրոց յաճախելուն պատճառով ամէն օր Հայոց ցեղասպանութեան եւ Հայ դատի վերաբերող պատմութիւններով, երգերով, բանաստեղծութիւններով, ձեռայիններով կու գար: Շատ լուրջ հարցումներ կ՛ուղղէր ինծի իմ վերապրող մեծ հօրս մասին, ինչպէս նաեւ հանգիստ չէր ձգեր մեծ հօրն ու մեծ մօրը` անոնց ծնողքին մասին հարցնելով: Կը հետաքրքրուէր գրաւեալ հողերով, Սեբաստիոյ իր հօրը մեծ հօր այգիներով, ֆետայիներով, Կոմիտասով, Տէր Զօրով, ինչո՞ւ, ինչպէ՞ս, ի՞նչ ընելով… Հայերէն լեզուի ուսուցչուհին յոգնեցուցած ու ձանձրացուցած է իր մանրամասն հարցումներով. յաճախ ընկերներով կը զրուցէին ջարդի մասին եւ իրարու պատմութիւններ կը պատմէին իւրաքանչիւրին մեծ-մեծ հայրերուն մասին…

Ապրիլ 24-ին տեղի ունեցածին եւ մեր ընելիքին մասին տղուս հետ խօսած ատեն, անոր ուղղած հարցումներուն ընդմէջէն, անոր աչքերուն մէջ նշմարեցի կայծ մը… Այդ կայծը կը ցոլացնէր իր ներաշխարհը, որ կ՛եռար, կը փնտռէր, պատրաստ էր գործելու… Այդ կայծը երբ տեսայ ես ինծի ժպտացի ու ըսի` թող թուրքը գիտնայ ու վախնայ` որովհետեւ իր փորձած Ցեղասպանութիւնը ձախողած է եւ այդ ազգին թոռները, ծոռները ողջ են` աւելի զօրացած, կայտառ, արթուն, քաջ ու անվախ, երբեք հանգիստ պիտի չձգեն թուրքին այնքան ատեն, որ իրենց աչքին մէջ կայծ կայ…

Այս մէկը տեսայ ու հասկցայ իմ ինը տարեկան տղայէս եւ վստահ եմ, որ բոլոր իր դասընկերները նոյն ապրումները կ՛ունենան… միտքս հանգստացաւ, որ ներկայ եւ ապագայ սերունդը երբեք անտարբեր չէ՛ մանաւանդ թուրքին հանդէպ…

 

Share this Article
CATEGORIES