Արթնցի՛ր Ով Հայ Ժողովուրդ

ՍԵՒԱՆ Ճ. ԱԲԷԼԵԱՆ

Փոքրիկ աղջիկ մը մօտեցաւ ինծի եւ ըսաւ. «Գիտե՞ս, մամայիս հետ ամէն օր Ֆարիհան կը դիտենք»: Նայեցայ աղջկան եւ ըսի. «Դո՞ւն Ֆարիհա կը դիտե՞ս: Աղջիկը աչքերուս մէջ նայելով` իր մանկական անմեղութեամբ «այո՛» ըսաւ:

«Բայց Ֆարիհան թուրք է, մեր թշնամին»,- եղաւ պատասխանս:

Աղջիկը իր տեսակէտը չփոխեց:

Ուրիշ առիթով մը երիտասարդ կին մը ըսաւ, թէ ինք արաբերէնով արտայայտուած թրքական ֆիլմաշարեր կը դիտէ` գեղեցիկ տեսարաններուն եւ լաւ կահաւորուած տուները վայելելով: «Ճաշակդ կը զօրացնես»:

Վերջին տարիներուն լիբանանեան հեռատեսիլի կայաններէն «նորոյթ» դարձած են թրքական ֆիլմաշարերը:

Ծնողներ կ՛ըսեն, որ իրենք եւ իրենց զաւակները արաբերէն լեզուն կը զօրացնեն այդ ֆիլմաշարերը դիտելով: Չէ՞ որ իրենց զաւակները պետական քննութիւններու պիտի մասնակցին եւ արաբական աշխարհին մէջ կ՛ապրին:  Ինչո՞ւ չենք անդրադառնար, որ այդ ֆիլմաշարերուն ճամբով մեր եւ մեր զաւակներուն նկարագիրը կը փոխենք եւ գայթակղութեան պատճառ կը դառնանք: Քանի մը տարիներ առաջ նորոյթ էին մեքսիքական ֆիլմաշարերը: Անգամ մը մարդ մը ըսաւ. «Օր մը երբ Մեքսիքա պտոյտի երթանք, դիւրին պիտի ըլլայ, մեր տիկինը բոլոր ճամբաները սորված է, եւ չենք կորսուիր, որովհետեւ ան բոլոր ֆիլմաշարերը դիտելով երկրին ծանօթ է»:

Պէտք չէ մոռնանք, որ ժամանակին լիբանանեան պատկերասփիւռի կայաններէն շատ օրինակելի լիբանանցիին կեանքէն առնուած ժապաւէններ կը սփռուէին, բայց պատերազմի պատճառով ամէն բան փոխուեցաւ: Իբրեւ նոր սերունդ կրնանք արաբ դերասաններուն հետ լաւ յայտագիրներ պատրաստել:

Ներկայիս բոլորս ալ մեր տուներուն մէջ արբանեակներու միջոցով կրնանք դիտել Հայաստանի կայանները: Ինչո՞ւ չօգնենք  եւ չբացատրենք մեր զաւակներուն, որ դիտեն այդ կայանները, կամ դիտենք «Ձորի Միրոն», «Կտոր մը երկինք», որոնք որակաւոր են եւ մեր ազգին պատմութիւնը կը ներկայացնեն:

Ապրիլ 24 է արդէն: Կրկին կ՛ոգեկոչենք յիշատակը մեր մէկուկէս միլիոն նահատակներուն. այս տարի եւս քայլարշաւ տեղի պիտի ունենայ ու ցոյց պիտի տանք աշխարհին, որ մենք մեր իրաւունքները կը պահանջենք:

Ի՞նչ պիտի ըսենք մեր նահատակներուն, երբ յաւիտենականութեան մէջ օր մը հանդիպինք բոլոր անոնց, ի՞նչ բացատրութիւն պիտի տանք անոնց, որոնք իրենց կեանքերը զոհեցին, քալեցին անապատներուն մէջէն եւ նահատակուեցան պարզապէս որովհետեւ քրիստոնեայ եւ հայ էին:

Քանի մը տարիներ առաջ բարեկամներով այցելեցինք Արեւմտեան Հայաստան: Մեր մանկութեան անկարելի թուացող երազը իրականացաւ, երբ այցելեցինք Այնթապ, Մարաշ, Տիգրանակերտ` հասնելով մինչեւ Վանայ ծով: Ճամբան հաճելի էր, գեղեցիկ, բայց նոյն ատեն ալ տխուր զգացում մը ունէինք, որ այդքան հողեր, կալուածներ մեզի չեն պատկանիր: Ճամբուն վրայ մեր արտայայտութիւններէն մէկն էր այն, որ ինչպէ՞ս մանուկներ, երիտասարդներ եւ ծերեր այսքան երկար ճամբայ քալեցին անօթի, ծարաւ եւ հասան Տէր Զօրի անապատները:

Կ՛ուզենք, որ աշխարհը մեզ յարգէ, որովհետեւ մեր նախահայրերը արժանի եւ հզօր էին, բայց պէտք է  սորվինք նախ մենք մեր անձերը յարգել:

Ժամանակն է արթննալու եւ գիտակցելու, որ հզօր ազգ մը կրնանք դառնալ, երբ մենք  մեր անձերը եւ զաւակները ճիշդ ճամբուն մէջ կը դնենք եւ հոնկէ կ՛առաջնորդենք:

Փոխանակ օրական քանի մը հատ ժապաւէն դիտենք կամ մեր ժամանակը համակարգիչին եւ Դիմատետրին վրայ անցընենք, գիրք կարդանք, նախ մեր մայրենի լեզուով` հայերէնով, ապա մեր արաբերէն, անգլերէն կամ ֆրանսերէն լեզուները զօրացնելու նպատակով այդ լեզուներով ալ գիրքեր կարդանք եւ սորվինք տարբեր ժողովուրդներէ:

Ժամանակն է բանալու մեր սրտերը եւ մտքերը, որպէսզի ցոյց տանք աշխարհին, որ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան զաւակները, թոռները եւ ծոռերը տակաւին զօրաւոր են:

Արթնցի՛ր…

15 ապրիլ, 2013

Share this Article
CATEGORIES