Երիտասարդական Ոսպնեակ. Ա՛լ Ժամանակն Է Ձերբազատելու Յամեցող «Պէտք Է Ընել» Կարգախօսէն (Ապրիլեան Խոհեր)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Արդարացի է այն մօտեցումը, որով կը շեշտադրուի, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակը ազգային պահանջատիրական մեր ճանապարհի աւարտը չէ՛, չի՛ կրնար ըլլալ իբրեւ այդպիսին,  որովհետեւ տակաւին ազգ մը ամբողջ իր սփիւռքով ու պետականութեամբ կը սպասէ  արդարութեան վերականգնումին եւ բազմաբովանդակ հատուցումին:

Այլ հարց, թէ նման սպասողական բնոյթի իւրաքանչիւր դրսեւորում` ոչ մէկ իմաստ կը զգենու աշխարհաքաղաքական ու տնտեսական խօլ մրցակցութիւններու պաստառին վրայ, ուր միշտ գերիշխող են եղած բիրտ ուժի, սադայէլական նկատառումներու թէ մարդկային վսեմ արժանիքներու ոտնահարումի եւ պղծումի գործընթացները:

Ապրիլի 24:

Օր խոկումի եւ ինքնարժեւորման, հաւաքական յիշողութեան վերաթարմացման, աւանդական ոգեկոչումի ձեռնարկներու կայացման, բողոքի, ցասումի եւ ընդվզումի քայլարշաւներու կազմակերպման, միասնակամ ըլլալու կոչերու վերահաստատման, պահանջատիրական երթի նորովի ընկալումներու ընդգծման, այլապէս թրքութեան կողմէ ցարդ շարունակուող հայատեացութեան, ազգայնամոլ ախորժակներու,  ցեղային հրահրումներու, ժխտողականութեան, այլամերժութեան ու կեղծիքի դէմ պայքարի վերանորոգման:

Յաճախ մենք մեզի հարց ենք տուեր, թէ ճակատագիրի դառն խաղերու թէ թշնամանքի զոհերը ըլլալու իրողութեանց դիմաց (ցեղասպանութիւն, տեղահանում, հայրենիքի կորուստ), միթէ ժամանակը չէ՞ հասած ազգովին վերատեսութեան ենթարկելու համազգային մեր երազին ու ճանապարհին ամբողջ գործընթացը, եւ ըստ արժանւոյն բնորոշելու հետագայ առաջադրանքներու ամբողջ տեսադաշտը, յանուն ազգային նպատակներու կենսաւորումին եւ հայրենատիրացման:

Այլ ասած, ազգովին չե՞նք անդրադառնար, որ 100-ամեակի սեմին, մոռացութեան տրուած բազմաթիւ աշխատանքներու անդոհանքը կ՛ապրինք` այն հասկացողութեամբ, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի եւ հատուցման հոլովոյթի հարթակին վրայ տեղի են ունեցեր անըմբռնելի տեղատուութիւններ եւ անհարկի բացթողումներ:

Խօսքը չի վերաբերիր յետեղեռնեան ժամանակաշրջանի թէ անոր յաջորդող տարիներուն, երբ թուրք բարբարոսութեան արհաւիրքէն հազիւ ճողոպրած մեր մեծ հայրերն ու մայրերը այս անգամ կը դիմագրաւէին սովի ու համաճարակի սպառնալիքներ, վերապրումի թէ գոյութենական պայքարի ամէնէն տարրական մարտահրաւէրները:

Այդուհանդերձ, սփիւռքահայ կեանքի տակաւ հաստատումով եւ զարգացումով արդէն յստակ կը դառնար, թէ հայրենահան ժողովուրդի մը համար աւելի քան անհրաժեշտութիւն է քաղաքականացման թէ յեղափոխականացման գործընթացներու որդեգրումը, յանուն ազգային պահանջատիրական երթի բորբոքումին եւ ամրագրումին:

Եւ ճիշդ այս հասկացողութենէն թելադրուած, յայտնապէս Մեծ եղեռնի յիսնամեակին, ազգային յիշողութեան շտեմարանէն կը ժայթքէին ազգային հաւատամքի ու արժանապատուութեան խոր գիտակցութիւնն ու վճռակամութիւնը`  տէր կանգնելու մէկուկէս միլիոն սուրբ նահատակներու կտակին եւ կորուսեալ հայրենիքի վերատիրացման յստակատեսի առաջադրանքին:

Ատենի խորհրդային կարգերու հովանիին ներքեւ ապրող հայ ժողովուրդի նմանօրինակ պոռթկումին թէ սփիւռքահայ իրականութեան բացառիկ եղբայրացումին կը յաջորդէին ցուցական արարքներու թէ յեղափոխական տրամադրութիւններու եզակի արտայայտութիւններ, երբ ի լուր աշխարհին եւ օր ցերեկով կը զգետնուէին թուրք պետական ներկայացուցչութիւններ հայ մարտունակ բազուկի հարուածներով:

Օրին, նման դէպքեր եւ իրադարձութիւններ մեծապէս ազդեցին հայ հասարակութեան մօտ քաղաքական մտքի ձեւաւորումին, ազգային գիտակցական մակարդակի բարձրացումին, հաւաքական յիշողութեան պայծառացումին եւ պահանջատիրական երթի ու կամքի ամրագրումին:

Ճիշդ է, որ ցուցական (յեղափոխական) արարքներու յաջորդեցին որոշակի դիւանագիտական, քարոզչական թէ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումին նպաստող արշաւներ, բազմաբնոյթ խորհրդաժողովներ թէ արխիւային նիւթերու հրատարակութիւններ, սակայն նմանօրինակ շնորհակալ ու անհրաժեշտ աշխատանքներու ընդհանուր պաստառին առընթեր, յապաղած մնացին դատաիրաւական հարցերու խոր քննարկումն ու ըստ էութեան քննութիւնը, եւ առհասարակ իրաւական թղթածրարներու թէ համապատասխան արխիւներու  պատրաստութիւնը, ամբողջացումն ու ներկայացումը մարդկային իրաւանց կազմակերպութիւններու թէ միջազգային արդարադատ ատեաններու:

Այս առումով արդար է արձանագրել, որ գտնուեցան հայ հմուտ պատմաբաններ եւ օրէնսգէտներ, որոնք թէեւ անհատական, սակայն օրին կատարեցին անգնահատելի հետազօտական աշխատանքներ, պատմական փաստերու թէ արխիւային նիւթերու ընդմէջէն դուրս բերելով այնպիսի ճշմարտութիւններ, որոնք կը վերաբերին թուրք դահիճներու թէ Օսմանեան Թուրքիոյ բարբարոսութեան, Հայոց ցեղասպանութեան ու տեղահանութեան առնչուող, որոնք հետագային դուռ բացին խոր քննարկումներու եւ քննութեան` միջազգային իրաւական ատեաններուն մէջ:

Նման իրադարձութիւններու լոյսին տակ թէ սփիւռքեան մեր իրականութեան խճանկարին դէմ յանդիման, երբ շատ անգամ զոհը կը դառնայինք մեր իսկ ստեղծած տգէտ եւ ամուլ վերաբերումներու, պանդոյր մտածելակերպի թէ տեղայնամտութեան, խորքին մէջ մենք մեզ կը հեռացնէինք տիպար աշխատանքներու հետամուտ ըլլալու իրողութենէն եւ արդիւնաւէտ առաջադրանքներու հետապնդումէ:

Յայտնապէս այս բոլորին մատնանշումը կը կատարենք պարզապէս ըսելու, թէ հակառակ ներազգային կեանքի անախորժ կացութիւններու եւ հակասական երեւոյթներու առկայութեան, օրին գտնուեցան սերունդներ, որոնք քաղաքական մտքի հասունութեամբ թէ յեղափոխական կեցուածքի իւրայատկութեամբ իրենց դրոշմը հաստատեցին պատմութեան տուեալ հանգրուանին վրայ եւ պահանջատիրական մեր երթին շունչ ու ոգի մատակարարեցին:

Այսօր, աւելի քան երբեք, հայութիւնը սփիւռքեան իր  իրականութեամբ թէ հայրենիքի հողին վրայ ապրող հատուածով կոչուած  է ըլլալու միանշանակ աւելի զգաստ ու շրջահայեաց` իր դէմ ցցուող եւ տակաւ սաստկացող սպառնալիքներու դէմ յանդիման, որովհետեւ դարաւոր թշնամին արդէն անցած է հակայարձակումի եւ կը փորձէ ջլատել ու բարոյալքել ազգային մեր պարունակը:

Այլ խօսքով, նոյնիսկ այս օրերուն, այնքա՞ն դժուար ընկալելի է միասնականութիւն հասկացողութիւնը, որ գէթ 100-ամեակի սեմին, չկարենանք նախաձեռնութիւններու հրայրքը ապրիլ` հայոց իրաւունքի թէ պահանջատիրական երթին մէջ առաւելներու արձանագրութիւն ապահովելու տեսակէտէ, յատկապէս 21-րդ դարու շունչին ու ոգիին համապատասխան:

Արդեօք միշտ այլ ժողովուրդներու նպատակասլաց աշխատանքի օրինա՞կը հրամցնելու ենք, որպէսզի կարենանք տեսնել սեփական կեանքի մեղկութեամբ լեցուն պահերն ու ոչ լիարժէք վերաբերումները:

Հապա, այսպէս ասած փափաքներու եւ նախատեսութիւններու, «պէտք է ընել»-ներու թէ «պիտի»-ներու շռայլութենէն երբեւէ պիտի կարենա՞նք ազատիլ եւ ճակատաբաց կանգնիլ նորահաս սերունդին առջեւ եւ բարձրագոռ հնչեցնել հաւաքական կեանքի նորովի ձեռքբերումները:

Փաստօրէն, թուրք թշնամին իր պետականութեամբ թէ ազգայնամոլ շարժումներու աջակցութեամբ ամբողջ աշխարհի տարածքին լծուած է հակահայ սոսկալի արշաւներու բազմաթիւ բնագաւառներու մէջ, ուր եւ ան ո՛չ թէ միայն կը փորձէ խեղաթիւրել պատմութիւնն ու անհերքելի ճշմարտութիւններ, այլեւ ամէն նենգ ու դաւադիր քայլերու կը դիմէ կողմնորոշելու միջազգային հանրային կարծիքն անգամ:

Իսկ մեր կարգին, ո՞ւր է ազգային այն մեծ ծրագիրը, որով պիտի ատենին ուրախանայինք եւ այսօր հպարտօրէն յիշէինք կատարուած նուաճումներու եւ յաղթանակներու պարծանքը:

Եթէ երբեք հանգրուան առ հանգրուան կատարուած ըլլային Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի թէ ընդհանրապէս ազգային իտէալներու վերաբերող հիմնարար աշխատանքներ, վստահաբար այսօրուան տխուր պատկերը պիտի չունենայինք:

Տասնամեակներու վրայ երկարող միասնականութեան կոչերու արձագանգները կրցա՞ն ստեղծել համազգային տարողութեամբ հիմնադրամ մը, որ պիտի կարենար ատենին կառուցել պատկառելի կառոյցներ` Հայոց ցեղասպանութեան ուսումնասիրութեան, պատմական թէ օրէնսգիտական աշխատանքներու ծաւալումին, հայ թէ օտար գիտնականներու համար գիտաշխատանոցներու հիմնումին ու քաջալերանքին:

Սփիւռքահայ իրականութեան մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քանի՞ թանգարան գոյութիւն ունի, որպէսզի անոնք դառնային այն մղիչ ուժն ու գիտական հաստատութիւնները, ուրկէ պիտի ճառագայթեն պահանջատիրական մեր պայքարին վերաբերող տարբեր գործունէութիւններ եւ առաջադրանքներ:

Մինչեւ ե՞րբ տիրապետող պիտի ըլլան ամուլ ու դասականացած մօտեցումներու եւ մտածումներու տեսականին, երբ սփիւռքի տարածքին հայապահպանութեան մեր աշխատանքներուն մէջ արդէն զգալի են յոգնածութեան նշաններ:

Ամէն քայլափոխի կը մեղադրենք նորահաս սերունդը, կարմիրով կ՛ընդգծենք անոր անտարբերութիւնը, օտարասիրութիւնը, մեղկութիւնը եւ հայկականութենէ տակաւ հեռանալու մարմաջը, այդուամենայնիւ, տարուած շնորհակալ աշխատանքներու առընթեր, փորձ կատարեցինք ազգային մեր կեանքի տարբեր բնագաւառներուն մէջ ներմուծելու նորարար մտայնութեան գրաւչութիւնն ու հեղինակադրոշմ աշխատանքի հնչեղութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումի թէ հատուցման ուղղութեամբ ժամանակի ընթացքին ստեղծեցի՞նք այն միջավայրն ու մթնոլորտը որպէսզի նորահաս հայ սերունդներ իրենց մասնագիտութեամբ թէ գիտական նուիրուածութեամբ ներդրում ունենան եւ կամ ազգային իրենց պարտքը կատարեն:

Գտնուեցա՞նք այն մակարդակին վրայ, ժամանակ առ ժամանակ, ուրկէ ցոյց պիտի տայինք իրերայաջորդ նորահաս սերունդներու մեր հեռահար նպատակներու իրագործման ի խնդիր նուազագոյն աշխատանքի հիմնարկէքը, որպէսզի անոնք  ի տես կատարուածին, գային ու շարունակէին աշխատանքը:

Ապրիլի 24:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի սեմին ամբողջ հայութիւնը իր պետականութեամբ եւ սփիւռքով կը պատրաստուի դարձակէտային հանգրուան մը ապրիլ, պահանջատիրական իր պայքարին մէջ գալիքի նուաճումներու յենարանները կառուցել եւ յարատեւօրէն այդ ուղղութեամբ աշխատիլ:

Պայմանը նման իրագործումներու` միանգամընդմիշտ ձերբազատիլ հնաբոյր կարգախօսերէ, դարձդարձիկ եւ եսակեդրոն վարքագիծերէ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )