Հայ Մարզիչները Մեկնեցան Գերմանիա

Նախորդ շաբաթավերջին հայ մարզիչները մեկնեցան Գերմանիա` 22-29 ապրիլին տեղի ունեցող ՓՐՕ արտօնագիրի դասընթացքներուն մասնակցելու համար:

Այդ մարզիչներն են` Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Վարդան Մինասեան, Ռաֆայէլ Նազարեան (21 տարեկանէն վար), Աբրահամ Խաշմանեան (19 տարեկանէն վար): Հայկական ակումբներու գլխաւոր մարզիչներ Վարդան Փիչախչեան, Սեւատա Արզումանեան, մարզիչներ Սուրէն Չախալեան, Վարազդատ Աւետիսեան, Աշոտ Աւետիսեան, Արմէն Սանամեան, Ալպերթ Սաֆարեան, Աշոտ Բարսեղեան եւ Սլաւա Գաբրիէլեան:

Ըստ նախնական համաձայնութեան, հայրենի մարզիչները կը հիւրընկալուին գերմանական Պայէր Լեւերքուզըն եւ Պորուսիա Մէօնշընկլատպախ ակումբներուն կողմէ, կը յայտնէ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի պաշտօնական կայքէջը:

Share this Article
CATEGORIES