Անգլիական Ֆութպոլ. Մանչեսթըր Եունայթըտ Ախոյեան` 20-րդ Անգամ Ըլլալով

Աւելի քան 75 հազար հանդիսատեսներու ներկայութեան, հոլանտացի միջազգային յառաջապահ Ռոպին Վան Փերսիի իրագործած հեթրիքին շնորհիւ (2-րդ, 13-րդ եւ 33-րդ), Մանչեսթըր Եունայթըտ 3-0 արդիւնքով Ասթոն Վիլայի յաղթելէ բացի, հանդիսացաւ Անգլիոյ ախոյեան` 20-րդ անգամ ըլլալով:

2012-2013 տարեշրջանի աւարտին թէեւ մնացած է ցարդ չորս հանգրուան, սակայն մարզիչ Ալեքս Ֆերկըսընի կազմը իր դիմաց ունի այլ մարտահրաւէր մըն ալ` կոտրել Չելսիի հաստատած մրցանիշը. վերջինս 2004-2005 տարեշրջանը աւարտեցաւ 95 կէտով:

Այժմ Եունայթըտ իր տրամադրութեան տակ ունի 84 կէտ:

Եթէ վերջին չորս մրցումէն Եունայթըտ ապահովէ 16 կէտ, նոր մրցանիշ մը պիտի հաստատէ:

Share this Article
CATEGORIES