«Չեմփիընզ Լիկ». Պայէրն Միւնիխ 4-0 Արդիւնքով Ջախջախեց Պարսելոնան

Երէկ գիշեր «Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի կիսաւարտական հանգրուանի երթի առաջին ճակատումին Պայէրն Միւնիխ, որ հիւրընկալեց Պարսելոնան, 4-0 արդիւնքով ջախջախիչ յաղթանակ մը արձանագրեց:

Կը կարծուէր, որ դաշտին տէրը յաղթանակ պիտի արձանագրէ, սակայն ոչ այսպիսի արդիւնքով մը:

Թոմաս Մէօլըր նշանակեց երկու կոլ (25-րդ եւ 82-րդ), մինչ մնացեալ կոլերը նշանակեցին Մարիօ Կոմեզ (49-րդ) եւ Արժեն Ռոպեն (73-րդ):

Դարձին, Պարսա բաւական դժուար առաքելութիւն մը ունի կատարելիք:

Օրուան իրաւարարն էր` Վիքթոր Քասայ (Հունգարիա):

Այսօր տեղի պիտի ունենայ կիսաւարտականի երթի երկրորդ մրցումը, որուն ընթացքին Պորուսիա Տորթմունտ պիտի հիւրընկալէ Ռէալ Մատրիտը` ժամը 21:45-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով):

 

 

Share this Article
CATEGORIES