Ռուսիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւն. Էտկար Մանուչարեան Կերտեց Ուրալի Յաղթանակը

Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, Եքաթերինպուրկի մէջ Ուրալ մրցեցաւ Պալթիքայի դէմ:

Ուրալի ֆութպոլիստները 1-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակ մը տօնեցին: Մրցումին եւ յաղթական կազմին միակ կոլը նշանակեց յառաջապահ Էտկար Մանուչարեան:

PanArmenian.Net լրատուական կայքէջը կ՛աւելցնէ, որ ան գարնանային չորս մրցումի ընթացքին այսպիսով նշանակեց իր 6-րդ կոլը:

Իր արձանագրած այս յաղթանակէն ետք, Ուրալ այժմ 62 կէտով կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը:

 

Share this Article
CATEGORIES