Ֆութսալ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Սատաքա Ապահովեց Աւարտականի Իր Տոմսը
Լիբանանի ֆութսալի ախոյեան Սատաքա երէկ կարեւոր իրագործում մը կատարեց, երբ Արեւմտեան Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան ծիրին մէջ կիսաւարտականին 6-2 արդիւնքով յաղթելէ ետք Սալիմիէի (Քուէյթ), ապահովեց աւարտականի իր տոմսը: Այսօր ժամը 13:30-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով, ան կը մրցի Սատի դէմ (Քաթար):
Յամենայն դէպս, ինչ ալ ըլլայ մրցումին արդիւնքը, Սատաքա ապահովեց Ասիոյ ֆութսալի ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանի մրցումներուն իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ այս շրջանէն երկու կազմեր կը մասնակցին վերոնշեալ ախոյեանութեան:
CATEGORIES Մարզական

