Լիբանանի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնի Ժողով
Իր գումարած շաբաթական հերթական ժողովին, Լիբանանի ֆութպոլի ֆետերասիոնը տեղեկացուց, որ յառաջիկայ ամիս տեղի պիտի ունենան մարզիչութեան քննութիւններ` հետեւեալ ձեւով.
Կիրակի, 19 մայիսին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Պէյրութի քաղաքապետարանի դաշտին մէջ տեղի պիտի ունենան գրաւոր քննութիւններ:
Իսկ կիրակի, 26 մայիսին, դարձեալ նոյն ժամուն եւ նոյն վայրին մէջ` գործնական քննութիւններ:
Բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մարզիչի այս քննութիւններուն մասնակցիլ, պէտք է առաւելագոյնը մինչեւ ուրբաթ, 17 մայիս, իրենց անունները արձանագրեն ֆետերասիոնին մօտ` իրենց հետ բերելով Սըժըլ Ատլի, ինչպէս նաեւ իխրաժ Քայտի կամ անձնագիրի լուսապատճէն:
Ֆետերասիոնը ըսաւ, որ յաւելեալ մանրամասնութիւններ ստանալու համար կապ պէտք է հաստատել իրեն հետ:
Թէեւ նախորդ շաբաթավերջին կատարուած Ա. դասակարգի ախոյեանութեան մրցումներուն արդիւնքները վաւերացուեցան (18-րդ հանգրուան), սակայն Նըժմէ եւ Սալամ Սուր տուգանքի ենթարկուեցան, առաջինը` 4 միլիոն, իսկ երկրորդը` 2 միլիոն լիբանանեան ոսկիով:
Նըժմէ այդ տուգանքը ստացաւ իր անկարգապահ համակիրներուն պատճառով, իսկ Սալամ Սուր, որովհետեւ դաշտ ներկայացուց կախակայուած մարզիկ մը:
Վաւերացուեցան երէցներու եւ կրտսերներու ախոյեանութեան մրցումներուն արդիւնքները:
Նշենք, որ ՀՄԸՄ Պէյրութի երէցները 2-1 արդիւնքով յաղթեցին Ահտի, մինչ կրտսերները պարտուեցան Սաֆայէն (2-0):
Ինչ կը վերաբերի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 19-րդ հանգրուանի մրցումներուն, անոնք տեղի պիտի ունենան հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
ՇԱԲԱԹ, 4 ՄԱՅԻՍ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Ռասինկ – Իժթիմահի 3:30 Սաֆա
Ախա Ահլի Ալէյ – Ահտ 3:30 Սայտա
Շապապ Ղազիէ – Թատամոն Սուր 3:30 Քֆարժոզ
ԿԻՐԱԿԻ 5 ՄԱՅԻՍ
Նըժմէ – Անսար 3:30 Մարզական Աւան
Թրիփոլի – Սալամ Սուր 3:30 Թրիփոլի
ԵՐԿՈՒՇԱԲԹԻ, 6 ՄԱՅԻՍ
Սաֆա – Շապապ Սահել 3:15 Սայտա

