Արժանթինի Ֆութպոլի Ախոյեանութեան Ընթացքին. Յարգուեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան Զոհերուն Յիշատակը

Հայկական լրատու աղբիւրներէն կը տեղեկանանք, որ արժանթինեան Պոքա Ժունիորզ ֆութպոլի ակումբը, երկրին ախոյեանութեան գծով իր կատարած մրցումէն առաջ, պաստառ մը բարձրացուց, նուիրուած` Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն յիշատակին:

Պելկրանտօ տը Քորտոպայի դէմ տեղի ունեցած մրցումէն առաջ, Պոքա Ժունիորզի երիտասարդներուն կողմէ բարձրացուած պաստառին վրայ գրուած էր. «Եկէք բոլորս յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը»:

Նշենք, որ այս քայլը կազմակերպուած էր արժանթինահայ համայնքին կողմէ` Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով:

 

 

Share this Article
CATEGORIES