Կազմակերպութեամբ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» Մասնաճիւղին. Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակին Նուիրուած Մոմավառութիւն` «Սերոբ Աղբիւր» Կեդրոնին Մէջ
Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Դրօշակ» մասնաճիւղին, երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլ 2013-ին Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի շէնքերու «Սերոբ Աղբիւր» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ մոմավառութիւն` Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով: Սփռուեցան նաեւ ազգային-յեղափոխական երգեր: Ոգեկոչումին մասնակցեցան նաեւ ՀՅԴ «Զաւարեան» պատանեկան միութեան անդամներ: Ներկայ էին մեծ թիւով շրջանի բնակիչներ:
Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակը յիշեցնող պաստառ մը զետեղուած էր: Այս առիթով նաեւ հրկիզուեցան թրքական դրօշակ մը եւ արտադրութիւններ:
CATEGORIES Գաղութային

