Իր Պատգամը Ուղղելով Անթիլիասի Մայրավանքի Շրջափակին Մէջ Համախմբուած Հայ Աշակերտութեան` «Անցնող Սերունդները Ճանաչման Սերունդներ Եղան, Ձեր Սերունդը Հատուցման Սերունդ Պիտի Ըլլայ» Ընդգծեց Գեղամ Արք. Խաչերեան

Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Գեղամ արք. Խաչերեանի եւ կազմակերպութեամբ Ազգային իշխանութեան Ուսումնական խորհուրդին, երէկ` երեքշաբթի, 23 ապրիլի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ Անթիլիասի մայրավանքի շրջափակին մէջ տեղի ունեցաւ հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ Ս. Ստեփանոս Նահատակաց մատրան դիմաց ծաղկեպսակներու զետեղում` Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով:

Արդարեւ, առաւօտեան կանուխ ժամերէն լիբանանահայ բոլոր վարժարաններուն աշակերտութիւնը եւ ուսուցչակազմերը խուռներամ ուղղուած էին Անթիլիասի մայրավանք` իրենց յարգանքի տուրքը մատուցելու 1915-ին զոհ գացած անմեղ նահատակներուն յիշատակին: Ծաղիկներու եւ ծաղկեպսակներու զետեղումէն ետք կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօն, որուն յաջորդեց առաջնորդ սրբազանին պատգամը, ուղղուած` հայ աշակերտներուն:

Սրբազանը իր խօսքին մէջ նկատել տուաւ, որ 98 տարիներէ ի վեր հայ ժողովուրդի ընթացքը շարունակուած է շնորհիւ նոր սերունդներու յարգալիր վերաբերմունքին, Նահատակաց յուշարձան այցելութեան: «Ձեր դրած իւրաքանչիւր ծաղիկին մէջ մեր տանջուած, չարչարուած նահատակներու հոգիներուն հանգստութիւն կայ, դուք անոնց տառապած հոգիները կը հանգչեցնէք», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ հայ ժողովուրդը այսօր կ՛ապրի, սակայն պահանջատէր է իր նահատակներուն իրաւունքներուն:

Սրբազանը շեշտեց, որ եթէ նոր սերունդը չգրաւէ անցնող սերունդին տեղը, քայլարշաւները չեն շարունակուիր: «Դո՛ւք էք երաշխիքը, որ պահանջատէր հայ ժողովուրդը պիտի քալէ եւ պիտի շարունակէ քալել, մինչեւ որ իր արդար իրաւունքներուն հասնի», հաստատեց սրբազանը` աւելցնելով, որ այսուհետեւ մեր քայլարշաւները կը սկսին ճանաչումէն դէպի հատուցում: «Անցնող սերունդները ճանաչման սերունդներ եղան, ձեր սերունդը հատուցման սերունդ պիտի ըլլայ…: Պատրաստուեցէք, որպէսզի ստանձնէք իրաւունքը հայ ժողովուրդին… Դուք եւ ձեզմէ յետոյ եկող սերունդները հատուցման իրաւունքի սերունդներ էք, այդ պատրաստակամութիւնը, այդ քաջութիւնը, այդ գիտակցութիւնը, այդ հոգին ձեր մէջ պիտի աճի, որպէսզի իսկապէս տէր ըլլաք ձեր իրաւունքներուն», եզրափակեց առաջնորդ սրբազան հայրը:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )