24 Ժամուան Դադարէ Ետք Հերմելի Դէմ Ռմբակոծումը Վերսկսաւ

Հերմելի դէմ Սուրիական ազատ բանակին ռմբակոծումները, որոնք 24 ժամուան համար դադրած էին, երէկ վերսկսան պատճառելով նիւթական հսկայական վնասներ:

Հերմելի մէջ ինկած ռումբերուն պատճառով շրջանին փողոցները ամայացան եւ տիրեց վախի ընդհանուր մթնոլորտ:

Ռմբակոծուած կառոյցներն են բնակութեան շէնքեր եւ դպրոցներ:

Հերմելի բնակիչները շեշտեցին, որ իրենք խաղաղասէր են եւ ոչ ոքի վնաս հասցուցած: Անոնք ընդգծեցին, որ լիբանանեան պետութիւնը պատասխանատու է իրենց ապահովութեան եւ աւելցուցին, որ խիստ մերժելի է, որ լիբանանեան որեւէ շրջան ռմբակոծումի ենթարկուի եւ պետութիւնը այդ մասին ոչինչ ունենայ ըսելիք ու իր քաղաքացիներու ապահովութիւնը պաշտպանելու ոչ մէկ քայլի ձեռնարկէ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )