Սպանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Ժամանեց Լիբանան

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարար Խոսէ Մանուել Կարսիա երէկ երեկոյեան ժամը 10:00-ին պաշտօնական այցելութեամբ մը ժամանեց Լիբանան:

Կարսիա այսօր հանդիպումներ պիտի ունենայ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի, վարչապետ Թամմամ Սալամի եւ հրաժարեալ վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի հետ:

Սպանիոյ արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում մը պիտի ունենայ նաեւ լիբանանցի իր պաշտօնակիցին` Ատնան Մանսուրի հետ: Պիտի քննարկուին լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Կը նախատեսուի, որ Կարսիա այցելէ նաեւ հարաւային Լիբանան` ստուգելու համար ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերուն մաս կազմող սպանական ջոկատը:

 

Share this Article
CATEGORIES