Առեւանգուած Լիբանանցիներուն Ընտանիքները Ուշ Գիշերին Նստացոյց Մը Կատարեցին Պէյրութի Նաւահանգիստին Մէջ
Ազեզի մէջ գտնուող առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատները երէկ գիշեր ժամը 11:00-ին բողոքի նստացոյց մը կատարեցին Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ` արգիլելով թրքական ձուկ փոխադրող սառեցուած յատուկ բեռնարկղերուն մուտքը:
Առեւանգուած լիբանանցիներուն հարազատներուն անունով Ատհամ Զղէյպ յայտարարեց, որ իրենք պիտի արգիլեն, որ բեռնակառքերը իրենց փոխադրած արտադրութիւնները կարենան տեղ հասցնել: Ան ընդգծեց, որ առեւանգուածներուն հարազատները ամէնօրեայ դրութեամբ պիտի արգիլեն թրքական փոխադրակառքերուն աշխատանքը:
CATEGORIES Լիբանանեան