Զօր. Աուն Կը Դատապարտէ Հալէպի Մէջ Երկու Եպիսկոպոսներուն Առեւանգումը

Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն երէկ այցելեց Պալամանտի վանքը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Անտիոքի եւ համայն Արեւելքի յոյն ուղղափառ համայնքի Եուհաննա Եազիժի պատրիարքին հետ: Զօր. Աուն եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը խստիւ դատապարտեց առաջնորդներ Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն առեւանգումը Հալէպի մէջ:

Ան կոչ ուղղեց բոլոր եկեղեցիներուն դիմելու այնպիսի քայլերու, որոնք կը դատապարտեն Արեւելքի մէջ քաղաքացիներուն դէմ գործուած հալածանքն ու մերժումը:

Զօր. Աուն կոչ ուղղեց ամբողջ աշխարհին ճիգ չխնայելու` Սուրիոյ տագնապին լուծման ի խնդիր:

Ան իր խօսքը ուղղելով առեւանգող կողմերուն պահանջեց յարգել առեւանգեալները, որոնք աշխարհին ղրկուած սիրոյ առաքեալներ են:

 

 

Share this Article
CATEGORIES