Ընտրական Օրէնքը Մշակող Խորհրդարանական Ենթայանձնախումբը Վերջ Տուաւ Իր Նիստերուն

Ընտրական օրինագիծի քննարկման խորհրդարանական ենթայանձնախումբը երէկ կէսօրէ առաջ գումարեց իր վերջին նիստը` նախագահութեամբ երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմի:

Հանդիպումէն ետք Ղանեմ յայտնեց, որ նիստին ընթացքին ի յայտ եկած է, թէ ենթայանձնախումբը այս ընթացքով չի կրնար վերջնական արդիւնքներու յանգիլ` նկատի ունենալով ենթայանձնախումբին անդամներուն միջեւ տարակարծութիւնը:

Ենթայանձնախումբի անդամ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի իր կատարած յայտարարութեան մէջ ցաւ յայտնեց իր լաւատեսութեան համար եւ շեշտեց, որ խորհրդարանական ենթայանձնախումբին վերջին նիստը բաւական յոռետեսութիւն սփռած է Լիբանանի մէջ:

«Մենք այսօր փոխադարձ ամբաստանութիւններ կատարելու վիճակին մէջ չենք գտնուիր: Մենք բոլորս պատասխանատու ենք եւ պատասխանատուութիւն կը ստանձնենք: Սակայն այս հանգրուանին մենք կը գտնուինք երեսփոխանական ընտրութիւնները կայացնելու տագնապի մը դիմաց եւ այդ տագնապալի կացութենէն մենք չենք կրնար դուրս գալ, երբ տակաւին կան որոշ կողմեր, որոնք իրենց իրաւունքը կը նկատեն այլոց իրաւունքներուն տիրանալը:

«Երբ մենք համախոհութեան մասին կը խօսինք, ապա մենք կը հիմնուինք սահմանադրութեան, իսկական գործակցութեան եւ իսլամ – քրիստոնեայ իսկական հաւասարութեան սկզբունքներուն վրայ: Այսինքն` 64 իսլամ եւ 64 քրիստոնեայ երեսփոխաններ, որոնք կ՛ընտրուին ճշգրիտ ներկայացուցչութեամբ:

«Կարելի չէ, որ ամէն անգամ համախոհութիւն գոյացնելու պարագային քրիստոնեայ համայնքին հաշուոյն գոյանայ այդ համախոհութիւնը: Պայման չէ, որ ամէն անգամ քրիստոնեաները զիջումներ կատարեն, որովհետեւ հասած է հանգրուան մը, որ այլեւս համախոհութեան համար քրիստոնեան պատրաստ չէ զիջելու իր իրաւունքներէն: Թերեւս ան կրնայ որոշ իրաւունքներէ զիջիլ, սակայն կայ նաեւ այլ համոզում մը, որ քրիստոնեան այս երկրին մէջ միակ զոհը պէտք չէ ըլլայ, այլ` փոխզիջումներ պէտք է կատարուին:

«Նկատի ունենալով Լիբանանի դիմագրաւած այս լուրջ տագնապը, կը հաստատեմ, որ կարելի չէ խորհրդարանի լիագումար նիստին հասնիլ, չենք կրնար յանգիլ ընտրական որեւէ օրինագիծ քուէարկութեան ենթարկելու, բացի եթէ կարելի ըլլայ մասնակի համախոհութիւն գոյացնել ընտրական օրէնքի մը շուրջ: Այս դիտանկիւնէն մեկնելով` կոչ կ՛ուղղեմ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանին, որ վերստին հանդիպումի հրաւիրէ Ազգային երկխօսութեան նիստը, կամ նիստի մը հրաւիրէ երկրին քաղաքական բոլոր ուժերուն ղեկավարները, քրիստոնեայ եւ իսլամ համայնքի բոլոր հեղինակութիւնները, իւրաքանչիւրը իր յարանուանութիւններուն ներկայացուցիչներով: Թերեւս իբրեւ վերջին փորձ կամ քայլ կրնանք այս հարցին լուծում մը գտնել:

«Այլապէս կը կարծեմ, որ երկիրը մուտք պիտի գործէ իշխանութեան եւ վարչակարգի տագնապի հանգրուան մը, որուն դիմակայումին ոչ ոք պատրաստ է», եզրափակեց երեսփոխան Բագրատունի:

Իր կարգին, երեսփոխան Ահմետ Ֆաթֆաթ յայտնեց, որ Լիբանանի կացութիւնը բաւական զգայուն է, որովհետեւ երկիրը կ՛երթայ դէպի անիշխանութիւն:

Երեսփոխան Ալի Ֆայեատ յայտնեց, որ եթէ ենթայանձնախումբին անդամները որոշեն առանձին առանձին հանդիպիլ, ապա ոչինչ կ՛արգիլէ, որ անոնք խորհրդակցութիւնները շարունակեն:

Երեսփոխան Ժորժ Ատուան յայտնեց, որ իրենք մտադիր են շարունակել ընտրական օրէնքին շուրջ քննարկումները, որպէսզի կարենան համախոհական օրինագիծով մը ներկայանալ խորհրդարանի ընդհանուր ժողովին:

Երեսփոխան Ալեն Աուն ընդգծեց, որ իրենք յանձնառու են երեսփոխանական ընտրութիւններուն կայացման:

Երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ կոչ ուղղեց խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիին հրաւիրելու խորհրդարանի լիագումար նիստի մը, որպէսզի բոլորը ուղղուին ստանձնելու իրենց պատասխանատուութիւնները:

Նշենք, որ նիստին ընթացքին տիրեց ընդհանուր լարուած մթնոլորտ մը, ինչպէս նաեւ ենթայանձնախումբին աշխատանքներուն առումով հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ կատարուեցան խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ Փոոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ:

 

 

Share this Article
CATEGORIES