Նախագահ Սլէյման Դատապարտեց Առաջնորդներ Եազիժի Եւ Իպրահիմ Եպիսկոպոսներուն Առեւանգումը

Նախագահ Սլէյման եւ Սինիորա

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյման երէկ գիշեր ընդունեց վարչապետ Թամմամ Սալամը, որուն հետ քննարկեց կառավարութեան կազմութեան վերաբերող շարք մը հարցեր:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման խստիւ դատապարտեց առաջնորդներ Պուլոս Եազիժի եւ Եուհաննա Իպրահիմ եպիսկոպոսներուն առեւանգումը եւ անոնց վարորդին սպանութիւնը:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց անմիջապէս ազատ արձակելու եպիսկոպոսները` ընդգծելով, որ նման միջոցներ կարելի չէ ծառայեցնել նպատակներու գործադրութեան, ինչպէս նաեւ աւելցուց, որ նման արարքներով չէ, որ պահանջուած ժողովրդավարութիւնը կ՛իրականանայ:

Նախագահ Սլէյման կոչ ուղղեց ազատ արձակելու բոլոր առեւանգուած անհատները եւ զանոնք վերադարձնելու իրենց ընտանիքներուն:

Միւս կողմէ, նախագահ Սլէյման ընդունեց նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորան, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան քաղաքական իրադարձութիւններն ու արդի ընտրական օրէնք մը մշակելու իմաստով առկայ խորհրդակցութիւնները:

Նախագահ Սլէյմանի այցելուներէն եղաւ նաեւ կենսոլորտի նախարար Նազեմ Խուրի: Քննարկուեցան կառավարութեան կազմութեան եւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող հարցեր:

Նախագահական պալատի այցելուներէն եղան նաեւ երեսփոխան Միշել Ֆարաոն, ինչպէս նաեւ նախկին նախարարներ եւ երեսփոխաններ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )