«Ամէնէն Վատը Ծիսակատարութիւններով Սահմանափակուիլն Է» «Ալիք»-ին Կ՛ըսէ Հրանդ Մարգարեան
Երէկ Թեհրանի «Ալիք» օրաթերթին մէջ լոյս տեսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Հրանդ Մարգարեանի հետ կատարուած հարցազրոյց մը, որուն մէջ ան կ՛անդրադառնայ Հայաստանի ներքաղաքական իրավիճակին, նախագահական եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն եւ Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին:
Պատասխանելով այն հարցումին, թէ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին ընդառաջ, որո՞նք պէտք է ըլլան այն քայլերը, զորս անհրաժեշտ է աւելցնել 100-ամեակի յանձնաժողովի աշխատանքներուն, Հ. Մարգարեան ըսաւ, որ ամէնէն վատը այն է, եթէ մենք բաւարարուինք ծիսակատարութիւններով յիշելով պատմական թուական մը: «Կը կարծեմ, որ մեզի համար 100-ամեակի պարագան կամ ընդհանրապէս Ցեղասպանութեան հարցի ոգեկոչումը, այսպէս ասած, պատմական յարգանքի տուրք չէ, որ մենք կը մատուցենք, ատիկա քաղաքական պայքար է, ատիկա մեր ազգի այսօրուան եւ վաղուան հետ կապուած հարց է: Այսինքն, Ցեղասպանութիւնը մենք իբրեւ պատմական երեւոյթ չէ, որ կը գնահատենք եւ կ՛ակնկալենք գնահատականներ: Հայ ժողովուրդի այսօրուան ներկան եւ ապագան երաշխաւորելու համար է, որ մենք այդ պայքարը յառաջ կը տանինք», ըսաւ Հ. Մարգարեան:
«Մենք հաւատացած ենք, որ ժամանակն է, որ կարենանք անցնիլ պահանջատիրական հանգրուանի եւ այս առումով, կը կարծեմ, առաջին կարեւոր քայլը, Արեւմտահայաստանի եկեղեցապատկան կալուածներու, եկեղեցիներու իրաւատիրոջ իրաւունքով ասպարէզ դուրս գալն է», ընդգծեց Հ. Մարգարեան:
Հարցազրոյցը ամբողջութեամբ կու տանք հետագային:

