Ֆրեզնօ Կը Ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Անկախութիւնը

Երէկ Ֆրեզնօ Քաունթին դարձաւ Միացեալ Նահանգներու Քալիֆորնիա նահանգի առաջին շրջանը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: Ֆրեզնօ Քաունթիի կառավարիչներու խորհուրդը ընդունեց բանաձեւ մը, որ պաշտօնապէս կը ճանչնայ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը, «պատմականօրէն եւ ազգային դիմագիծով հայկական շրջան մը, որ կը գտնուի Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ»: Բանաձեւին մէջ կոչ կ՛ուղղուի Քալիֆորնիոյ օրէնսդիր իշխանութեան նմանապէս պաշտօնապէս ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը:

Share this Article
CATEGORIES