Երիտասարդական Ոսպնեակ. Ժողովուրդը Գիտէ Նաե՛ւ Դաստիարակել (Քայլարշաւի Խոհեր)

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Որքան ալ մենք մեզ համոզած ըլլանք, թէ լիբանանահայութիւնը միշտ ալ ականջալուր է եղած եւ իր կամքը պարտադրած` հաւաքական յիշողութեան պահպանման թէ տարբեր աշխատանքներու իր գիտակից մասնակցութեամբ, յաճախ ներքին լո՜ւռ ձայն մը, թաքուն մտահոգութիւն մը, երկմտանքի զգացում մը պատած է մեզ բոլորս` թէ արդեօք մեր ժողովուրդը, ազգը` իր բաղադրիչ մասերով, առօրեայ հեւքով, մտատանջութիւններով, ցաւերով, ուրախութիւններով, յոյզերով, ակնկալութիւններով, ազգային  ապրումներով թէ մարդկային թերութիւններով, դարձեալ իր անվերապահ օժանդակութիւնը պիտի մատուցէ՞, հոգին ու միտքը պրկած` իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ՞, պիտի ընդառաջէ՞ հաւաքական գործունէութիւններու եւ կոչերու, թէ՞ մեզ յուսախաբութեան պիտի մատնէ:

Փաստօրէն, ժողովուրդներու պատմութեան մէջ եզակի երեւոյթներ չեն նման ընդգծումներ, առհասարակ  ընկերային գիտութիւններ հաստատած են նման մտասեւեռումներու գոյութիւնը եւ աւելցուցած` թէ ժողովուրդի գիտակցական ու զգացական մակարդակի թէ անթեղուած պոռթկումներու պարունակին մէջ միշտ ալ պահուած են այնպիսի արժէքներ, որոնց դրսեւորման կը հանդիպինք, թէեւ հազուադէպօրէն, բայց միանշանակ դէպի յաղթանակ տանող ու փոփոխութիւն ներմուծող իրականութեամբ:

Մեր պարագային, յայտնապէս Ապրիլեան ոգեկոչումներու թէ պահանջատիրական երթի տարբեր հանգրուաններուն պատահա՞ծ է, որ մեր ժողովուրդը ինքզինք չյայտնագործէ եւ իր ցասումի, բողոքի, ընդվզումի ձայնն ու կեցուածքը ի լուր աշխարհին չդրսեւորէ:

Ո՛չ, երբեք:

Ու պիտի շարունակե՛նք հաւատալ, աներկբայօրէ՛ն, թէ մեր ժողովուրդը պիտի մնայ իր բարձունքին վրայ` ազնիւ ու խոհական, ազգային ըմբռնումներու ջահակիր ու պաշտպան, եւ իբրեւ այդպիսին` հաւատարիմ իր ազգային արժանապատուութեան, պահուածքին, դիմագիծին, ինքնութեան ու պատկանելիութեան:

Ապրիլի 24,  2013:

Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակ, ոգեկոչումներ, եկեղեցական արարողութիւններ ու պատշաճ հանդիսութիւններ:

Բայց մանաւանդ` ազգը համախմբող, միաձուլող, արժեւորող ու միակամ պահող օրինակելի աքթ մը` քայլարշաւի նախաձեռնութիւն եւ անմնացորդ մասնակցութիւն:

Նախօրօք մտածուած եւ կազմակերպուած քայլարշաւ մը, որ, թէեւ լիբանանահայութեան համար յատուկ երեւոյթ չէ եղած, յատկապէս վերջին տասնամեակին, սակայն, արդար է ըսել ու բարձրագոռ շեշտել, որ իւրաքանչիւր անգամ որ ականատես կը դառնանք նման հոգեգրաւ ու պատուաբեր միջոցառումի մը` ազգի մը քայլարշաւին, մեր դիմաց կ՛ուրուագծուի գաղութի մը հայ կեանքի եռեւեփումը, վճռակամ ըլլալու կեցուածքը, պահանջատիրական գիտակցութեան ամէնէն բարձր աստիճանաչափը, իրարմով զօրանալու խայծը, իրաւութեամբ ապրելու զգացողութիւնը, զիրար աւելի լաւ ճանչնալու պատրաստակամութիւնը, մեր ազգային ապրումները անաղարտ ու վառ պահելու հաւատամքը, թուրք բարբարոս թշնամիին ոտնձգութիւններուն դէմ կանգնելու համոզումն ու կամքը:

Մէկ խօսքով` գաղութահայ կեանքի վերազարթօնքը:

Այո՛, լիբանանահայութիւնը այս անգամ եւս իր մասնակցութիւնը բերաւ ապրիլեան քայլարշաւին. եւ իր բողոքի ու պոռթկումի խօսքը արձանագրեց իր ժամանակակից պատմութեան մատեանին մէջ` ըսելով.

«Ինչքա՛ն ալ դժուարին ու անտանելի ըլլան առօրեայ կեանքի պարտադրանքներն ու մարտահրաւէրները:

«Որքա՛ն ալ անըմբռնելի ու դատապարտելի ըլլան ազգային կեանքի բացթողումներն ու անհարկի մօտեցումները:

«Ինչպիսի՛ տարողութիւն ստացած ու աննպաստ ըլլան քաղաքական, տնտեսական, ընկերային թէ հասարակական պայմանները:

«Մենք` լիբանանահայերս գիտակից ենք այս բոլորին եւ մեր արեան շաղախին, պատմութեան ու արժէքներուն ականջալուր, մէկուկէս միլիոն նահատակներու կտակին հաւատարիմ, ազգային պահանջատիրական երթին եւ իրաւունքներու պաշտպանութեան ի խնդիր,

«Կը քալենք սէգ ճակատներով, խուռներամ, աներկիւղ, միասնակամ, առանց երկմտանքի, հաւատարմօրէն, ազգովին սրտակցած, ազգային պայքարի ճանապարհը ջրդեղելու վճռակամութեամբ, ամբողջ աշխարհին լսելի դարձնելու համազգային մեր կեցուածքին ու հաւատամքին անժամանցելիութիւնը, ու մանաւանդ` թուրք բարբարոսութեան երեսին շպրտելու անոր գազանային անցեալի, հայատեաց, նենգ ու այլամերժ ներկայի դիմագիծը»:

Յիրաւի, քայլարշաւին թէ յաջորդող ժամերուն, ի տես Լիբանանի հայութեան բացառիկ ներկայութեան, իւրաքանչիւր հայու սիրտը թնդաց, հոգին հրճուեցաւ, ազգային ապրումներու խորանը բոցավառեց, կամքի ու յանդգնութեան, պահանջատէրի թէ մարդկային վերաբերումի խայծը վերաբորբոքեցաւ, հայկականութեամբ լեցուեցաւ, հայօրէն շնչեց ու ոգեկան իր ապրումներուն եւ մտքի պաստառին վրայ վերահաստատեց քաղաքական թէ ազգային իր պայքարի արժէքն ու կարեւորութիւնը:

Այլապէս ալ, մեր ժողովուրդը` լիբանանահայութիւնը, ինչպէս ամէն օրհասական առիթի ու ժամանակի, ցոյց տուաւ նաեւ իր դաստիարակի կերպարը, անշահախնդիրի իր պահուածքն ու վառ հաւատամքը` թէ թիկունք պէտք է կանգնիլ նոյնինքն իր ծոցէն ծնունդ առած ազգային արժէքներու` անոնք ըլլան եկեղեցի, միութիւն, կազմակերպութիւններ, աւանդական կուսակցութիւններ թէ ընդհանրապէս հայկական կառոյցներ, որոնց գոյութեան իմաստը միանշանակ իրենց ժողովուրդի ծառայութիւնն է` հայօրէն եւ անանձնականօրէն:

Յայտնապէս, բարձրաձայն ընդգծել ու շեշտել է պէտք ամէն քայլափոխի եւ պատեհ առիթի,  այս սքանչելի արարքին ու հայաբոյր ժողովրդային մասնակցութեան ի տես, որ լիբանանահայութիւնը քաջ գիտակից է քաղաքացիական իր պարտաւորութիւններուն, առանց բարդոյթի իր շրջապատին կը յիշեցնէ քաղաքակիրթի, ազգանուէրի ու պահանջատէրի պահուածքն ու պատկանելիութիւնը, մանաւանդ գիտէ հպարտօրէն քալել նաեւ այլ ժողովուրդներու արդար դատերու ի խնդիր:

Այլ ասած, դէպի Պէյրութի Նահատակաց յուշարձան մեր ժողովուրդի քայլարշաւը ու անոր շուրջ համաժողովրդային հաւաքի կազմակերպումը` բարացուցական է` ազգային, քաղաքական, պատմական թէ մարդկային առումներով:

Արդ, ինչպէս մենք, նաեւ ուրիշներ պարտաւոր են խոնարհիլ նահատակներու սուրբ կտակին ու անոնց յիշատակը վառ պահող ազգասէր ժողովուրդին գիտակցութեան առջեւ:

Իրօք, լիբանանահայութիւնը այս անգամ եւս յաղթանակի իր դրօշը ծածանեց զազիր թշնամիին դէմ` պահանջատէրի իր կեցուածքով եւ համաժողովրդային քայլարշաւի մասնակցութեամբ:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES