Միջազգային Լրատուամիջոցները` Հայոց Ցեղասպանութեան 98-ամեակի Ոգեկոչման Մասին

Միջազգային լրատուամիջոցները անդրադարձան Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակի ոգեկոչման:

ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ «չորեքշաբթի օր հազարաւորներ ուղղուեցան Երեւանի մօտ գտնուող բլուրին վրայ գտնուող յուշակոթողը` նշելու համար 98-ամեակը Օսմանեան կայսրութեան մէջ Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին հայերու զանգուածային սպանութեանց, որոնց իբրեւ ցեղասպանութիւն միջազգային ճանաչումը կ՛ուզէ Հայաստան»` աւելցնելով, որ Հայաստան ատիկա կը փորձէ ընել օգտագործելով դիւանագիտական միջոցներ եւ իր ազդեցիկ սփիւռքը:

ԱՖՓ կը նշէ նաեւ, որ «երեքշաբթի գիշեր ազգայնական ՀՅ Դաշնակցութիւն կուսակցութեան երիտասարդական թեւէն գործիչներ թրքական դրօշներ հրկիզեցին եւ Երեւանի մէջ 10 հազար անձերու մասնակցութեամբ ջահերթ մը ղեկավարեցին»: Լրատու գործակալութիւնը կը յիշեցնէ, որ «առայժմ աւելի քան 20 երկիրներ ջարդերը իբրեւ ցեղասպանութիւն ճանչցած են»:

«Ազատութեան ձայն» ձայնասփիւռի կայանը եւս կ՛անդրադառնայ Հայաստանի մէջ ցեղասպանութեան ոգեկոչման` նշելով, որ «կարգ մը երկիրներ հրապարակաւ դատապարտած են Թուրքիան անցեալ դարու սկիզբին գործուած վայրագութիւններուն համար, սակայն թրքական իշխանութիւնները կը նշեն, որ բազմաթիւ թուրքեր եւս սպաննուած են տագնապին ընթացքին եւ կը հերքեն, որ հայերը բնաջնջելու կանոնաւոր որեւէ արշաւ գոյութիւն ունէր»:

«Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը անդրադարձած է Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեան` նշելով, որ «Երիտասարդ թուրքերը որոշեցին ձերբազատիլ հայերէն` զանոնք նկատելով իրենց ազգի սպառնալիք»: Օրաթերթը կը հաղորդէ, որ հայերը ցեղասպանութեան տարելիցը կը նշեն 24 ապրիլին, «որովհետեւ 1915-ի ճիշդ այդ օրը հայկական մտաւորականութեան հարիւրաւոր ներկայացուցիչներ երիտասարդ թուրքերուն կողմէ ձերբակալուեցան եւ դաժանաբար սպաննուեցան, եւ ատիկա շարունակուած է մինչեւ 1917: Սակայն թուրքերուն կողմէ հայկական ջարդեր իրագործուած են նաեւ 1884,1885,1886,1909 թուականներուն եւ 1920-1923-ի միջեւ գտնուող ժամանակաշրջանին»:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ «Նեմեսիս» գործողութեան: «Թէեւ ցեղասպանութեան կազմակերպիչները յաջողեցան խուսափիլ պատիժէն եւ պահուըտիլ, սակայն հայկական գաղտնի «Նեմեսիս» կազմակերպութեան կողմէ բոլորը սպաննուեցան», կը գրէ «Նիւ Եորք Թայմզ»:

«Սքոքի» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Ողջակիզման թանգարանի տնօրէն Ռիք Հիրշհաութ կը խոստանայ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակին վերաբերեալ մեծ ցուցահանդէս կազմակերպել: Ան նշած է, որ յաջորդ ամիս տեղի պիտի ունենայ երկօրեայ խորհրդաժողով «Օսմանեան թուրքերուն կազմակերպած Ցեղասպանութիւնը» նիւթով:

Ան ըսած է, որ միջազգային ընտանիքը պէտք է ճանչնայ Հայոց ցեղասպանութիւնը` յանուն աշխարհի խաղաղութեան: Օրաթերթը կը նշէ, որ Ողջակիզման թանգարանի լոյսերը վառած պիտի մնան` ի յիշատակ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերուն:

Հրէական Ողջակիզումէն վերապրած Էլի Ուիսել իր կարգին խօսելով Հայոց ցեղասպանութեան մասին ըսած է, որ «ցեղասպանութեան վերաբերեալ յիշողութիւնները պէտք է պաշտպանուին ոչ թէ յանուն արխիւային պատմութեան, այլ աւելի խաղաղ ապագայի համար»:

 

 

Share this Article
CATEGORIES