Թրքական Մամուլը Կ՛անդրադառնայ 24 Ապրիլին

Պոլսոյ «Ակօս» շաբաթաթերթը ամփոփելով Հայոց ցեղասպանութեան 98-ամեակին առիթով 24 ապրիլին թրքական մամուլին մէջ լոյս տեսած յօդուածները, զանոնք կը ներկայացնէ անջատաբար:

«1915. Թուրքիան Ի՞նչ Կրնար Ընել»,
Էթիեն
Մահչուփեան, «Զաման»

«1915-ը կ՛օգտագործուի ոչ միայն հայերու ջարդը յիշատակելու, այլ նաեւ` թուրք ինքնութիւնը նուաստացնելու եւ արհամարհելու համար: Յանցագործներուն իրական ինքնութենէն եւ գաղափարախօսութենէն վերանալով` բոլոր թուրքերը կամ ամբողջ հասարակութեան ներկայացուցիչներ կը մեղադրուին, այդ իրավիճակը Թուրքիոյ կը ստիպէ համարձակ քայլերու չձեռնարկելու: Սակայն ուրիշներու, այսինքն` հայկական սփիւռքի կամ օտար պետութիւններու կառավարութեանց մեղադրանքներէն ազատիլ կարելի չէ: Որովհետեւ ինքզինք Թուրքիոյ եւ այս հողերուն տէրը նկատող ամէն ոք չի կրնար փախուստ տալ իր ուսերուն դրուած շարք մը պարտականութիւններէն: 1915-ի տարելիցները, անխուսափելիօրէն, ամէն տարի պիտի գան, սակայն այն իրավիճակը, որուն մէջ կը գտնուինք, անյուսալի չէ: Այն քայլերը, զորս կրնայ ընել Թուրքիան, յայտնի են, եւ ատոր հոգեբանական հիմքը արդէն պատրաստ է»:

«1915-ի Այբուբենը. Ցեղասպանութեան Խնդիր»,
Հալիլ
Պերքթայ, «Թարաֆ»

«Առաջին հարցը. 1915-ին (կամ 1915-1916)-ին տեղի ունեցածը իրօք ցեղասպանութի՞ւն է: Կարճ պատասխանն է` այո, «ոտքէն գլուխ» ցեղասպանութիւն է: Օսմանեան կայսրութեան տարիներուն, եթէ նոյնիսկ մարդ չմահանար եւ հայերը միայն տեղահանուէին, ցեղասպանութիւն պիտի ըլլար: Այն, որ անոնք իրենց հայրենիքէն արմատախիլ եղան, իրենց ամբողջ ունեցուածքը ձգելով անվերադարձ արտաքսուեցան, իբրեւ ազգային-կրօնական խումբ դադրեցան գոյութիւն ունենալէ եւ չկրցան վերարտադրուիլ, միտումնաւոր ազգային զտում կը նշանակէ եւ պէտք է ցեղասպանութիւն նկատուի»:

«Վէրքին Վրայ Աղ Ցանելը»,
Ռոնի Մարկուլիես, «Թարաֆ»

«Այսօր ապրիլ 24 է: Ժամանակ մը շուրջ երկու միլիոն հայ բնակիչ ունեցող այս հողերուն վրայ այժմ միայն 50 հազար հայ քաղաքացի ունինք: Անոնց մեծ մասը 98 տարի առաջ այս օրը սկսած ցեղասպանութեան ընթացքին կորսնցուցինք: Անոնց թոռները այժմ կ՛ապրին Պոլսոյ մէկ թաղամասին մէջ: Այսօր առաւօտեան քալեցի Քուրթուլուշ թաղամասին մէջ: Նայեցէք` ինչ պայմաններու մէջ կ՛ապրին հայերը: Միայն ցեղասպանութիւնը չէ: Ներում հայցելու այնքան բան կայ»:

«Հայերէն Ներում Պէտք Է Հայցենք»,
Հաքան
Ալպայրաք, «Սթար»

«Այսօր ապրիլ 24 է` մեր հայ հայրենակիցներու սուգի օրը: 1915-ին տեղի ունեցած վայրագութիւններուն յիշատակման օրը: Մենք պէտք է կիսենք անոնց ցաւը` առանց հարցնելու` «անոնք մեր ցաւը կը կիսե՞ն արդեօք»: Հազարաւոր, գուցէ տասը հազարաւոր կամ հարիւր հազարաւոր անմեղ հայեր, ինչ պատճառով ալ ըլլայ, իսլամներուն կողմէ կոտորուած են: Սպաննողները պէտք չէ արդարացնենք: Ատիկա վայել չ՛ըլլար մեր մարգարէի պատգամին: Ատիկա մեր պատմութեան ամօթալի էջն է: Երանի կարենայինք պատռել ու թափել զայն, սակայն չենք կրնար: Սակայն կրնանք ատոր տակ այսպիսի բան մը աւելցնել. այդ յանցագործութիւնները գործողներուն թոռները հայերէն ներում հայցած են»:

«Մարմարա» իր կարգին կը գրէ, որ «երբ այլեւս Թուրքիոյ մէջ այնքան մեծ թիւով մարդիկ սկսած են տեսնել 1915-ին պատահածներուն իրական բնոյթը եւ երբ այլեւս այսքան շատ բան հրապարակուած է պատահածներուն մասին, կան լրագրողներ կամ մտաւորականներ, որոնք տակաւին տառացիօրէն պաշտպան կը կանգնին Թուրքիոյ պետական հնօրեայ տեսակէտին: Անոնցմէ մէկն է յայտնի քաղաքագէտ Հասան Ճելալ Կիւզել, որ այսօր (25 ապրիլ) «Սապահ»-ին մէջ ամբողջովին կ՛ուրանայ 1915-ին պատահածները եւ այս մասին ըսուածներուն համար կը գործածէ «Պատմութեան մեծագոյն փալաւրան» յատկանշական խորագիրը: Զարմանալի է, որ Հասան Ճելալ Կիւզելի գրիչը կրցած է գրել տողեր, ինչպիսին են հետեւեալները. «24 ապրիլի պատահարին ընթացքին ոչ միայն հազարաւորներ չսպաննուեցան, այլ նաեւ մէկ հոգիի իսկ քիթը չարիւնեցաւ»:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )